
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոռի Թաթուլեանի նորագոյն ստեղծագործութիւնը՝ «A Big Bad Armo World Domination Show»ն, հանրութեան պիտի ներկայացուի Մարտ 4էն Ապրիլ 3ի միջեւ: Լոս Անճելըսի հայութեան ամէնօրեայ կեանքէն առնուած անգլերէն լեզուով այս կատակերգական գործին բեմադրիչն է Ոգի Քալֆայեան, իսկ դերեր ստանձնած են Ալեք ու Հելէն Քալոկոմոս, Ռապըրթ Շամփեան, Տրու Տրէօճ եւ Ճէյմզ Մարթին:
Ներկայացումները, որոնք նախատեսուած են չափահաս հանդիսատեսներու համար, տեղի պիտի ունենան «At1 Studios» սրահին մէջ (3229 Casitas Ave., Los Angeles CA 90039), Շաբաթ (ժամը 8ին) եւ Կիրակի (ժամը 7ին) օրերը: Տոմսերու սակը 25 տոլար է: Տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.itsmyseat.com կայքը: