ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի խորհուրդի Ձեռնարկատիրութեան եւ սպառողներու շահերու պաշտպանութեան հարցերով յանձնաժողովը, Մարտ 4ին պիտի իրականացնէ «Սփիւռքահայերի մասնակցութեամբ կառավարման եւ կարգաւորման կառոյց ունենալու նպատակայարմaարութիւնը» թեմայով բաց քննարկումներ։
Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն իրենց ստացած բազմաթիւ առաջարկներուն իբրեւ արդիւնք, Հայաստանի խորհուրդը թեման դրած է «Հանրային կարծիքի շտեմարան» տեղեկատուական քննարկումներու կայքին վրայ՝ http://www.sociology.am/:
Քննարկումները պիտի կայանան՝ հաշուի առնելով սահմանադրութեան փոփոխութիւններ պահանջող նշեալ հարցին կարեւորութիւնը եւ համազգային կառոյցներու, խորհրդարանական ուժերու դիրքորոշումները պարզելու անհրաժեշտութիւնը:
Յիշեցնենք, որ առաջին անգամ Երկպալատ խորհրդարանական համակարգի անցնելու մասին խօսած է սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, որ նշած է, թէ այդ նախաձեռնութիւնը կը պաշտպանուի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ:
Նախաձեռնութեան կողմնակիցները կը նշեն, թէ այդպիսով՝ Սփիւռքի ներկայացուցիչները հնարաւորութիւն պիտի ունենան մասնակցելու Հայաստանի կառավարման գործընթացին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.