ՖՐԵԶՆՕ.- ՀՕՄի Ֆրեզնոյի «Սոֆի» մասնաճիւղին կազմակերպած տարեկան 15րդ քայլարշաւը՝ «Show me the Finish Line»ը, տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 10ին: Անոր կրնան մասնակցիլ 3էն 75 տարեկան եւ նոյնիսկ աւելի տարեց համակիրներ:
Արշաւը պիտի սկսի «Woodard Park»էն ու աւարտի նոյն տեղը:
Արձանագրուելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Նազիկին՝ (559) 974-3089 թիւով:
Բոլոր մասնակիցները յատուկ շապիկներ պիտի ստանան, իսկ տարբեր տարիքի յաղթողները շքանշաններու պիտի արժանանան: Աւարտին, ըմպելիներ պիտի բաժնուին ու տեղի պիտի ունենայ վիճակահանութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.