
ՍԱՆԹԱ ՄՈՆԻՔԱ.- «Jacaranda» երաժշտական համերգներու շարքին մէջ, յառաջիկայ Մարտ 12ին, երեկոյեան ժամը 8ին տեղի պիտի ունենայ հայ դասական երաժշտութեան նուիրուած իւրայատուկ համերգ մը, որուն ընթացքին ներկայացուելիք գլխաւոր գործը պիտի ըլլայ Ռիչըրտ Եարտըմեանի «Armenian Suite» գործին վերամշակուած տարբերակը: 1936ին յօրինուած 13 գործիքներու սոյն գործը վերամշակուած է Վաչէ Շարաֆեանի կողմէ, ու առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան պիտի ներկայացուի Շաբաթ օրուան ձեռնարկին: Ձեռնարկը պիտի կրկնուի Կիրակի, Մարտ 13ին, երեկոյեան ժամը 6ին:
Պիտի ներկայացուին նաեւ Ալան Յովհաննէսէն, Արամ Խաչատրեանէն, Տիգրան Մանսուրեանէն եւ Վաչէ Շարաֆեանէն կտորներ:
Ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան Սանթա Մոնիքայի «Առաջին Փրեսպիթերիըն» եկեղեցւոյ մէջ (1220 Second Street, Santa Monica, CA 90401): Տոմսերու սակը, եթէ ապսպրուին կազմակերպութեան համացանցային կայքէն, 35 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 15. մուտքին սակը յաջորդաբար 40 եւ 20 տոլար է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տոմսեր ապահովելու համար այցելել jacarandamusic.org/0312.php կայքէջը, կամ դիմել (213) 483-0216 թիւին ու info@jacarandamusic.org հասցէին: