
Ուրբաթ, Փետրուար 18ին, Պըրպենքի «Արպաթ» սրահին մէջ հանդիսաւոր կերպով տօնախմբուեցաւ Կլենտէյլի Ս. Գէորգ Հայց. եկեղեցւոյ տասնամեակը. հանդիսութեան նախագահեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան: Ներկայ էր նաեւ առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան: Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց ծուխի հոգեւոր հովիւ Մամբրէ քհնյ. Քեսապեան, իսկ հանդիսավարն էր՝ հանրածանօթ ասմունքող Նունէ Աւետիսեան: Բացման եւ բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ ծուխի հոգեւոր հովիւը, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց սրբազան հօր՝ իր նախագահութեան եւ ծուխին կատարած հովուական այցելութիւններուն ու ցուցաբերած հոգածութեան համար:
«Եկեղեցին մեր կեանքին մէջ» նիւթով բանախօսեց դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան: Իր սրտի խօսքը արտայայտեց Սարգիս Պատրիկեան, որ ծուխէն ներս նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած է: Գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմեցին Ռուբէն Թելունց, Պապին Պօղոսեան, Գէորգ Չաքմայեան, Ռազմիկ Մանսուրեան, Յովհաննէս Շահպազեան, Ռուբէն Յարութիւնեան, Մարինէ Աբրահամեան եւ Անահիտ Շահպազեան: Հանդիսավարը եւս սքանչելի կերպով ասմունքեց:
Սրբազան հայրը յատուկ գնահատանքի արժանացուց տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սրբուհի Պոյաճեանները, ապա գնահատեց տէր հօր նուիրեալ ծառայութիւնը: Իսկ խումբ մը հայորդիներ, առ ի գնահատանք իրենց մատուցած նուիրեալ ծառայութեան՝ սրբազան հօր ձեռամբ ստացան Օրհնութեան եւ գնահատանքի վկայագիրներ: