
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ «Ապրիլ» գրախանութին, Հայկական յիշատակումի կեդրոնին ու UCLA-ի Հայ լեզուի եւ մշակոյթի բարեկամներ կազմակերպութեան, Ուրբաթ, Մարտ 18ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած «Արտոյտներու Ագարակը» հատորի հեղինակ Անթոնիա Արսլանի հետ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ:
Հատորը պիտի ներկայացնէ Աթինա Յարութիւնեանը, իսկ հատորին հիման վրայ Թաւիանի եղբայրներուն բեմադրած շարժապատկերին մասին պիտի խօսի փրոֆ. Սիոպան Նեշ Մարշըլ, որ նաեւ պիտի ցուցադրէ ֆիլմէն հատուածներ:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ: Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Հայկական յիշատակումի կեդրոնին կամ «Ապրիլ» գրախանութին, յաջորդաբար՝ (818) 242-7400 կամ (818) 243-4112 թիւերով: