
ՊՈԼԻՍ, «Զաման».- Ներկայիս հաւանական չէ, որ հայ-թրքական արձանագրութիւնները վաւերացուին Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, Ուաշինկթընի մէջ «Մարշըլ» հիմնադրամին կազմակերպած քննարկումի մը ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ենթաքարտուղարի տեղակալը՝ դեսպան Սելիմ Ենելըն: Ըստ անոր, միայն Թուրքիոյ մէջ Յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք կարելի է որոշ տեղաշարժներ ակնկալել այս գործընթացին մէջ:
Թուրք դեսպանը նշած է, որ արձանագրութիւններու վաւերացման համար հարկաւոր է նաեւ որոշ քայլեր իրականացնել ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ: