
ԱՆԳԱՐԱ.- Փետրուար 16-17ին Հայաստան գտնուած Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Եանկ Ժիէչիի Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնն ու հոն ծաղկեպսակ զետեղելու քայլը անհանգստացուցած է Թուրքիան։
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, նախարարին Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան առնչութեամբ բացատրութիւններ ստանալու համար, հեռաձայնած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն, որմէ գործակալութիւնը տեղեկացած է, թէ «նախարարը իր այցելութեան ընթացքին բարեկամական հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի ղեկավարներուն հետ»։
Նաեւ, «Նախարար Եանկը երեւանեան այցելութեան ընթացքին այցելած է 1915ի դէպքերու առնչութեամբ կառուցուած յուշակոթողը։ Արդեօք ատիկա չի՞ նշանակեր, որ Չինաստանը այս հարցին առնչութեամբ փոխած է իր դիրքորոշումը» հարցումին, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ գրասենեակի ներկայացուցիչը պատասխանած է. «Ինչպէս Հայաստանը, այնպէս ալ Թուրքիան Չինաստանի բարեկամ երկիր է։ Չինաստանը կը գիտակցի, որ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունին պատմական խնդիրներ, եւ երկու երկիրներու՝ այդ հարցերուն առնչութեամբ ունեցած դիրքորոշումները արժանի են ուշադրութեան: Չինաստանը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այդ հարցերուն»։
Պէյժինկի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Մուրատ Էսենլի «Անատոլու»ի յայտնած է, թէ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարը Ցեղասպանութեան յուշակոթող այցելած է հայաստանցի պաշտօնատարներու պնդումով, իսկ հայկական որոշ լրատուամիջոցներ, այդ մէկը մեկնաբանած են այնպէս, ինչպէս իրենց ձեռնտու է։ Թուրքիոյ դեսպանը նշած է, որ հարցին կապակցութեամբ իրենք դիմած են Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն, եւ ստացուած պատասխանը կը վկայէ, թէ Պէյժինկ «1915ի իրադարձութիւններու» առնչութեամբ իր դիրքորոշումը չէ փոխած։