
«Թայմ» թերթը կը գրէ, թէ Թուրքիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցած շարք մը լրագրողներու ձերբակալութիւնները այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, թէ «Էրկենեքոն»ի հարցը սկսած է շահագործուելու իբրեւ ընդդիմութիւնն ու ընդդիմադիր լրատուամիջոցները լռեցնելու գործիք:
«Երբ Թուրքիոյ մէջ «Էրկենեքոն» կազմակերպութեան դէմ հետաքննութիւն սկսաւ, ատիկա կ՛ընկալուէր իբրեւ յառաջդիմական եւ համարձակ քայլ մը։ Սակայն այդ հարցին դատավարութիւնը շուրջ չորս տարիէ ի վեր կը շարունակուի եւ որեւէ շօշափելի արդիւնք չէ արձանագրած։ Այնպիսի տպաւորութիւն ստեղծուած է, թէ այդ հարցը կ՛օգտագործուի ընդդիմադիր լրատուամիջոցները եւ ընդդիմութիւնը լռեցնելու համար», կը գրէ «Թայմ»ը՝ ընդգծելով, որ անցեալ շաբաթ կալանաւորուած լրագրողներ Նետիմ Շեներն ու Ահմետ Շըքը, միջազգային հանրութեան յարգանքը վայելող այն լրագրողներէն են, որոնք Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց ոտնահարման դէպքերու լուսաբանման հարցին մէջ կարեւոր աշխատանք կատարած են։