
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Աշխարհի միլիառատէրերու «Ֆորպս» թերթի տարեկան ցուցակին համաձայն, աշխարհի միլիառատէրերուն թիւը նոր մրցանիշ մը հաստատած է՝ հասնելով 1210ի, մինչ անոնց ընդհանուր հարստութիւնը աւելի քան 900 միլիառով կամ 25 տոկոսով աճած է: Աշխարհի ամենահարուստ մարդը կը մնայ մեքսիքացի Քարլոս Սլիմը, որուն հարստութիւնը 20.5 միլիառով աճած է՝ հասնելով 74 միլիառ տոլարի։ Երկրորդ դիրքի վրայ է Պիլ Կէյթս՝ 56 միլիառով, իսկ երրորդ տեղը կը գրաւէ Ուորըն Պաֆեթ՝ 50 միլիառով։
Մինչ Ամերիկայի միլիառատէրերուն թիւը 419ի բարձրացած է, Չինաստանի ու Ռուսիոյ մէջ անոնց թիւը յաջորդաբար 115ի ու 101ի հասած է: Այս վերջին երկու երկիրներուն մէջ միլիառատէրերը աւելի արագօրէն կ՛աճին: Տասնամեակ մը առաջ, աշխարհի միլիառատէրերուն կէսը Ամերիկայէն էին, իսկ ներկայիս այդ համեմատութիւնը մէկ երրորդի իջած է: 214 նոր միլիառատէրերուն 108ն Պրազիլէն, Ռուսիայէն, Հնդկաստանէն ու Չինաստանէն է, մինչ ամենամեծ թիւով միլիառատէրեր ունեցող քաղաքը Մոսկուան է. երկրորդ դիրքի վրայ է Նիւ Եորքը: