
ՓԱՐԻԶ.- Անցեալ Շաբաթ օր, 12 Մարտին, Փարիզի մէջ մօտաւորապէս երեք հազար հայեր, ֆրանսացի հանրաճանաչ դէմքերու հետ միասին, հաւաքուեցան Ֆրանսայի ծերակոյտի շէնքին առջեւ, պահանջելով, որ Ծերակոյտը վաւերացնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար քրէական պատասխանատուութեան մասին օրէնքը։
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախաձեռնութեամբ սարքուած ցոյցին կը մասնակցէին աշխարհահռչակ արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուր, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ՝ Փաթրիք Տէվէճեան, Պեռնար-Անրի Լեւի, յայտնի իրաւագէտ Սերժ Քլարսֆելտ։
Փաթրիք Տէվէճեան յայտնեց, որ Ֆրանսայի հայ համայնքն ու աշխարհասփիւռ հայեր տուժած են Հայոց Ցեղասպանութեան արդիւնքով։
«Մենք, որ Ֆրանսայի քաղաքացի կը հանդիսանանք, Ֆրանսային կոչ կ՛ուղղենք պաշտպանել մեզմէ իւրաքանչիւրի իրաւունքները», ըսաւ Տէվէճեան։
Ցոյցի մասնակիցները ծերակուտականներէն պահանջեցին ընդունիլ ժխտումը պատիժի ենթարկող օրինագիծը։
Յիշեցնենք որ 12 Հոկտեմբեր 2006ին Ֆրանսայի Խորհրդարանը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողները պատիժի ենթարկելու մասին օրինագիծը, սակայն Ծերակոյտը արգելափակեց օրինագիծի ընդունումը։
Աւելի առաջ, ՈւիքիԼիքս հրապարակած էր փաստաթուղթ մը, որուն մէջ կ՛ըսուէր թէ Նիքոլա Սարքոզի Թուրքիոյ վստահեցուցած է թէ «Օսմանեան կայսրութենէն ներս Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու մասին պատիժ»ի օրինագիծը «պիտի թաղուի Ծերակոյտի մէջ»։ Այս փաստաթուղթի հրապարակումը մեծ վրդովմունք պատճառած էր Շարլ Ազնաւուրին։