ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Կեանքի մէջ առիթները միշտ թանկարժէք եղած են: Առիթները երբեմն իրենք պատահաբար կը մօտենան մեզի, երբեմն ալ մասնաւոր անձերու կողմէ կը շնորհուին կամ կ՛ընծայուին: Բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, որոնք որոշ պատասխանատուութիւն կ՛ունենան մեր վրայ, իրե՛նք կրնան ընծայել այդ առիթները: Իսկ երբեմն ալ կը պատահի, որ առիթները իրենք կ՛այցելեն մեզի մեր չակնկալած պահուն:
Ինչ ձեւով ալ մեր դիմաց ելլեն, դրական գործ ու բարի աշխատանք կատարելու առիթները միշտ սիրելի կ՛ըլլան մարդոց համար: Վնասաբեր առիթները ընդհանրապէս կը նկարագրուին «փորձութիւն» եւ «փորձանք» բառերով, որոնցմէ հեռու մնալու կամ փրկուելու համար ինչքա՜ն աղօթքներ կը մատուցեն մարդիկ Աստուծոյ ամէն օր:
Ոմանք այն համոզումը ունին, թէ կեանքի ընթացքին, իւրաքանչիւր մարդու միայն մէկ առիթ կը ներկայանայ, այն ալ կրնայ ըլլալ շնորհուած առիթ, եւ կամ՝ պատահականութեան արդիւնք եղող առիթ: Մարդիկ առիթներու նկատմամբ նոյն զգացողութիւնը չունին: Ոմանք առիթը իրենց ներկայանալուն, նոյնիսկ չեն զգար թէ առիթ ներկայացած է: Այդպիսիներուն համար յանգաւորուած է «ինքը քուն՝ բախտը արթուն» առածը մեր լեզուին մէջ: Այդպիսիներ նոյնիսկ չեն անդրադառնար թէ ինչ մե՜ծ առիթ ներկայացած է իրենց: Այս գծով, բարոյալից պատմուածքը կը խօսի այն ծերունիին մասին, որ թագաւորին կողմէ իբրեւ անտէր աղքատ նշմարուելով, կը ղրկուի արքունի գանձատունը, ուր առիթ կը տրուի իրեն գրպանները լեցնել գանձատան հարստութիւններով, միայն մէկ ժամուան տեւողութեան, ինչքան որ կրնայ: – Այսպիսի առիթ որո՞ւ ձեռքը կ՛անցնի, _ պիտի ըսէր հեքիաթանման պատմուածքները մանկական հոգիով ըմբոշխնող բարեկամներէս մէկը:
Արքայական ուշադրութեան արժանացած ծերունին, սակայն, մէկ ժամը շա՜տ երկար միջոց ու առիթ համարելով, ոսկիի դէզերուն վրայ երկննալով կը մռափէ, մինչեւ այն վայրկեանը, երբ թագաւորին սպասաւորները մէկ ժամուան աւարտին, դուռը բանալով ներս կը մտնեն, ու թեւերէն բռնելով դուրս կը տանին զայն ձեռնունայն… Առիթը ներկայացած էր ծերունիին, եւ Աստուած անոր «բախտը բացած» էր, սակայն ան չէր կրցած օգտագործել իրեն ընձեռուած առիթը:
Նոյն կացութեան մէջ կը գտնուին շատեր, երբ Աստուած առիթ կը շնորհէ մարդոց, սակայն պէտք եղած արժեւորումը չեն տար անոնք, եւ առիթը «կը փախցնեն»: Այսպէս, Աստուած իր Սուրբ Հոգիին միջոցաւ երգելու շնորհք կու տայ մէկուն, սակայն, ենթական իր անփութութեան հետեւանքով չանդրադառնար թէ այդպիսի երկնատուր շնորհք ունի, եւ զոր զարգացնելով կրնայ համաշխարհային դէմք դառնալ, ու կը փճացնէ զանիկա անգիտակցաբար: Ուրիշը կրնայ նկարչական շնորհք ունենալ, սակայն բնաւ վրձին չբռնած չըլլալ իր կեանքի ընթացքին: Հիմա ո՞վ է յանցաւորը, Շնորհատո՞ւն, թէ՞ շնորհընկալը:
Ճիշդ այս հարցումին պատասխանելու իրենց ճիգին մէջ, ոմանք կրնան առարկել, թէ՝ տուեալ շնորհընկալ անձը կրնայ անգիտանալ իրեն տրուած շնորհքին եւ մէկը եղած չըլլար որ զինք զգուշացնէ, արթնցնէ ու յայտնաբերէ իր մէջ երկնատուր շնորհք:
Այդ առարկողներուն պէտք է տալ շոգեկառքի կայարանին օրինակը պարզապէս: Այս կեանքին մէջ ամէնքս կը գտնուինք շոգեկառքի կայարանին մէջ սպասող ճամբորդներու նման, ուր բախտ փնտռելու նմանողաբար, ակնակառոյց կը սպասենք մեզ փոխադրելու թիւը կրող գնացքին: Չէ՞ պատահած որ փախցուցած ըլլանք այն գնացքը, որ ճիշդ ժամուն հասած էր կայարան, սակայն մենք տարբեր մտածումներով տարուած, կամ այլ աշխատանքով զբաղած ըլլալով, փախցուցած ըլլանք զանիկա: Բայց տեսած եմ, թէ գնացքը փախցուցած անձեր ինչ փութաջանութեամբ կը մօտենան լուսապաստառներուն, նայելու համար թէ ե՞րբ պիտի մեկնի յաջորդ գնացքը: կարելի է նաեւ հանդիպիլ մարդոց, որոնք յուսահատ ետ կը դառնան լուսապաստառին մօտէն, որովհետեւ այդ օրուան համար վերջին գնացքը եղած էր այն, զոր փախցուցած էին:
Բախտն ալ նոյն ընթացքով կը ներկայանայ մեզի յաճախ: Մէկ առիթը փախցնելէ ետք, բնա՛ւ չենք յուսահատիր, կը նայինք յաջորդին, որովհետեւ Աստուած միշտ մեզի երկրորդ, երբեմն երրորդ առիթ կու տայ: Սակայն երբեմն ահազանգ կը հնչեցնէ, ըսելով թէ վերջին առիթն է ասիկա: Այդպէս չի՞ պատահիր վիրաբուժական գործողութենէ յաջողապէս դուրս եկող հիւանդներուն պարագային, երբ հազար երդում կը կատարեն, ալ իրենց առողջութեան յարգը գիտնալու, իրենց կերածին ու խմածին ուշադրութիւն ընելու, յաւելեալ մարմնամարզի հետեւելու, եւայլն: Սակայն, երբ երկրորդ կամ երրորդ անգամն ըլլալով նոյն բուժման կ՛ենթարկուին, կը զգան թէ «վերջին գնացքն» ալ փախցուցած են: Հիմա ո՞վ է յանցաւորը, առիթը տուո՞ղը, թէ զայն չարաշահողը…: Պատասխանը յստակ է:
Կայարանին մէջ, վերջին գնացքը փախցնող անձը ինչ հիասթափութիւն որ կ՛ապրի, նոյնպիսի հիասթափութեան մէջ ինկողներն են այս կեանքի մէջ անոնք, որոնք կեանքի «վերջին գնացքը» փախցուցած ըլլալով, անձնասպանութեան կը դիմեն: Տեսնուած է, յատկապէս շարժանկարներու մէջ, թէ ինչպէս յուսահատ մարդիկ իրենք զիրենք կը նետեն երկաթուղիին վրայ, որպէսզի շոգեկառքը երբ հասնի, մասնատէ իրենց մարմինը ու վերջ տայ կեանքի քաշքշուքին: Նոյնն է նաեւ ընկերային կեանքի մէջ, երբ ամէն բախտի դուռ իրենց դիմաց փակ տեսնող մարդիկ, կեանքի շոգեկառքին անցած երկաթուղիին վրայ կը նետեն իրենց անձը, յուսահատութեան մեծ ցնցումի մէջ, վերջ տալով աստուածապարգեւ կեանքին:
Առիթներ կը տրուին բոլորիս, անխտիր: Ով որ կ՛ըսէ թէ իրեն բնա՛ւ առիթ չէ՛ տրուած այս կեանքին մէջ՝ կա՛մ փախցուցած է զանիկա, կա՛մ գիտակցութիւնը չունի թէ ինչպէ՞ս կ՛ըլլան առիթները: Կայարանին օրինակով պէտք է շարժիլ միշտ: Այսինքն նայիլ թէ յաջորդ շոգեկառքը ե՞րբ պիտի հասնի կայարան եւ ե՞րբ է յաջորդ գնացքը: Այս արթնութիւնն է որ կը պահանջէ մեզմէ Աստուած, որպէսզի չփախցնենք մեզի ընծայած Իր առիթները:
Ամէնքս ալ նոյն «կայարան»ին՝ այս կեանքին մէջ ենք: Տարուան չորս եղանակները ամէն երկրի մէջ նոյն ամիսներու թիւով եւ նոյնքան օրերու քանակով չեն սահմանուիր: Սակայն արեւը միշտ ալ ամպերու ետին ծածկուած չի՛ մնար: Ամէնէն սառուցեալ գօտիներուն մէջ իսկ, հակառակ թանձր սառցակոյտերուն, երբեմն իր լուսափայլ դէմքը կը ցուցնէ, ադամանդային փայլք տալով երկրի սպիտակ մակերեսին: Այդ առիթը կ՛օգտագործեն յաճախ նման երկիրներու մէջ ապրողներ, եւ արեւուն հետ իրենց ունեցած «գործերը» շուտով կը կատարեն, նախքան արեւուն ետ իր «պատեան»ին՝ ամպերուն մէջ մտնելը:
Չըսենք թէ Աստուած մեզի առիթ չի՛ տար: Ասիկա ապերախտութիւն պիտի ըլլայ Արարիչին նախախնամական հոգածութեան նկատմամբ: Պարզապէս հոգեկան արթնութիւն խնդրենք Անկէ, որպէսզի կեանքի «կայարան»ին մէջ միշտ արթուն պահէ, որպէսզի գնացքը չփախցնենք…: