
ԵՐԵՒԱՆ.- Ազատութեան հրապարկին վրայ Մարտ 18ին տեղի ունեցաւ վերջերս հացադուլի դիմած Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հանդիպումը լրագրողներու հետ. ընթացքին խօսելով ժողովուրդի ներկայ իրավիճակին մասին՝ Յովհաննէսեան յայտնեց, թէ կրկին անգամ հիասթափութիւն չապրելու համար, անիկա (ժողովուրդը) պէտք է իր ակնկալիքները ներկայացնէ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն՝ Ժառանգութիւն, ՀԱԿ, ՀՅԴ, Ժողովրդական կուսակցութիւն եւ այլն:
«Եթէ մենք պիտի ունենանք ոչ թէ քաղաքական հերթական յաղթանակը, այլ մեզի լաւ պիտի զգանք այս կամ այն մանր նուաճման համար, եւ Ազատութեան հրապարակի վերատիրացումը պիտի դառնայ միայն համաժողովրդական տօնախմբութիւն, որմէ ետք դարձեալ պիտի երթանք, կը նշանակէ, թէ պիտի ապրինք հերթական հիասթափութիւնը ու պիտի տեսնենք կործանման խորացումը», ըսաւ ան:
Պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ նախորդ օրը տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին ՀԱԿի առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կեցուածքը՝ իրեն չմօտենալու եւ չբարեւելու, Րաֆֆի Յովհաննէսեան ըսաւ, որ չի փափաքիր գնահատական տալ ոեւէ մէկուն գործունէութեան, քանի որ ամէն մարդ ունի իրեն յատուկ ներքին արժէքային համակարգ, մարդկային կերպար ու քաղաքական դիրքորոշում: Սակայն, այնուամենայնիւ, Րաֆֆի Յովհաննէսեան յստակացուց իր պատասխանը՝ ըսելով. «Եթէ մենք դերերով փոխուած ըլլայինք, եթէ ես ըլլայի հարթակին, միւսը՝ հացադուլի մէջ, կրնամ ըսել, որ ո՛վ ալ ըլլար հացադուլի մէջ գտնուողը՝ նախագահ թէ շարքային քաղաքացի, իշխանական թէ ընդդիմադիր գործիչ, ես կը փորձէի ըլլալ առաջինը, որ պիտի այցելէր զայն եւ զօրակցէր անոր: Այս պարագային, պիտի ըսեմ, որ նման ակնկալիք չունէի»:
Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդը նաեւ աւելցուց, որ Հայաստանի առաջին նախագահը «կրթուած եւ լուսաւորեալ մարդ» ըլլալով, անոր այդ քայլը կրնայ կապուած ըլլալ ո՛չ թէ ներքին արժեհամակարգի, այլ քաղաքական դիրքորոշումի հետ, եւ այդ դիրքորոշումը չի կրնար նպաստել ազգի միասնութեան:
Նշենք, որ Րաֆֆի Յովհաննէսեան արդէն չորրորդ օրն է, որ հացադուլի մէջ է՝ բաց երկինքի տակ։
Անդրադառնալով Ազատութեան հրապարակին վրայ վրան տեղադրելու հարցին՝ Յովհաննէսեան ըսաւ. «Միջազգային եւ հայաստանեան կազմակերպութիւնները ասոր վերաբերեալ հարց յարուցեցին, եւ մինչեւ հիմա, որքան գիտեմ, փոփոխութիւն չկայ, թէեւ հարցը հասած է ոստիկանապետին եւ հաւանաբար աւելի բարձր ատեաններ: Փաստօրէն, մեր երկիրին մէջ վրանի խնդիրը կ՛որոշուի կամ կը մերժուի ամենաբարձր ատեաններուն կողմէ»:
Յիշեցնենք, որ հացադուլի առաջին գիշերը ոստիկանները չէին արտօնած վրան ամրացնել հրապարակին վրայ: Յովհաննէսեան լրագրողներուն յայտնեց, թէ վրանի խնդիրը երրորդական է միւս առաջանահերթ հարցերուն կողքին, եւ թէ վրան ամրացնելու գաղափարը ո՛չ թէ իրենն է, այլ՝ գործընկերներունը:
Նշենք, որ ներկայիս Յովհաննէսեանի առողջական վիճակը բժիշկներու կողմէ կայուն կը համարուի։ Իսկ վերջին շրջանին անոր նիհարութեան հանգամանքը կը բացատրուի առողջ ապրելակերպով։