
– Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ օդուժը, զէնք փոխադրելու կասկածանքէն մեկնած՝ Իրանէն Սուրիա ուղղուող երկրորդ օդանաւի մը ստիպած են էջք կատարել Տիգրանակերտի օդակայանը, որմէ ետք օդանաւը խուզարկութեան ենթարկուած է։ Արգիլեալ ոչինչ յայտնաբերուած է օդանաւին մէջ, որ այնուհետեւ շարունակած է թռիչքը: Անցեալ շաբաթ եւս նման դէպք մը պատահած էր:
– Փոքրաթիւ ցուցարարներ Կիրակի օր հաւաքուեցան Ռիատի մէջ, Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութեան առջեւ՝ պահանջելով իրենց ձերբակալեալ ընտանեկան պարագաներուն ազատ արձակումը։ Ոստիկանութիւնը ցրուեց ցոյցը եւ ձերբակալեց 15 ցուցարարներ։
– Հարիւրաւոր մարոքցիներ Կիրակի օր Ռապաթի, Քազապլանքայի եւ այլ քաղաքներու մէջ մասնակցեցան ժողովրդավարական բարեփոխումներ եւ ընկերային արդարութիւն պահանջող ցոյցերու։ «Փետրուար 20 շարժումը» կոչ ուղղած էր ցոյց կատարելու, հակառակ Մարոքի Մուհամմատ Զ. թագաւորի խոստացած բարեփոխումներուն, ներառեալ՝ ընտրովի վարչապետի եւ անհատական աւելի լայն ազատութիւններու։
– Թուրքիոյ զանազան քաղաքներու մէջ ապրող քիւրտեր Կիրակի օր մեծ շուքով նշեցին Նովրուզի տօնակատարութիւնը: Տիարպեքիրի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր եւ քրտամէտ Խաղաղութիւն ու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Կիւլթեքին Քըշանաք, իրենց ելոյթներուն մէջ քննադատեցին իշխանութիւններուն վերաբերումը քիւրտ ժողովուրդին նկատմամբ։ Հարիւրհազարաւոր քիւրտեր տօնակատարութիւնը նշեցին 2009ին մահացած հայազգի յայտնի երաժիշտ Արամ Տիգրանի երգերով, իսկ «Ազատութեան արշաւ»ին մասնակցեցաւ նաեւ Արամ Տիգրանի այրին՝ Սիրվարդ Մելիքեանը։
– Սուրիոյ հարաւային Տարաա քաղաքին մէջ Երկուշաբթի օր տեղի ունեցած ցոյց մը կարճատեւ եղած է՝ ոստիկանութեան միջամտութեան պատճառով, եւ աւարտած է առանց միջադէպի: Սակայն, ըստ ականատեսներու, անցնող քանի մը օրերուն նոյն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն ընթացքին առնուազն հինգ ցուցարարներ սպաննուած են: