
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Մերի Եովանովիչ Չորեքշաբթի օր ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձած է հայ-թրքական արձանագրութիւններու խնդիրին՝ նշելով, թէ անոնք կը շարունակեն մնալ ԱՄՆի օրակարգին վրայ:
«Երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը պէտք է բացուի, այնպէս որ շատ լաւ կ՛ըլլայ, եթէ երկու երկիրներն ալ առաջ ընթանան ու վաւերացնեն արձանագրութիւնները», յայտարարած է դեսպանը:
Այնքան ատեն, որ սահմանները կը մնան փակ, ԱՄՆ կը շարունակէ աշխատանքները՝ երկու կողմերուն քաջալերելով միջ-սահմանային ծրագիրներ իրականացնել, յայտնած է դեսպանը եւ աւելցուցած, որ այդ ծրագիրները ուղ-ղուած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ժողովուրդներու փոխադարձ ճանաչման նպա-տակներուն:
Սոյն ասուլիսին ընթացքին Եովանովիչ անդրադարձած է նաեւ այլ հարցերու, որոնց շարքին՝ Ստեփանակերտի օդակայանը ռմբակոծելու մասին ատրպեճանական յայտարարութիւններուն: Դեսպանը այդ կարգի սպառնալիքները բացարձակապէս ան-ընդունելի նկատած է:
Իսկ այն հարցումին, թէ հնարաւո՞ր է ՆԱԹՕն միջամտէ ղարաբաղա-ատրպեճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցող միջադէպերուն, Եովանովիչ պատասխանած է, որ իրենք Ղարաբաղի խնդիրի կարգաւորման կառոյցը կը համարեն ԵԱՀԿը, որուն ջանքերով կ՛ընթանայ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւնները: Դեսպանը նաեւ նշած է, որ վերջերս տարածաշրջան կը գտնուէին Մինսկի խումբի համանախագահները, որոնք յառաջընթաց արձանագրելու համար կը գործակցին բոլոր կողմերուն համար:
Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն մասին խօսելով՝ դեսպանը յայտնած է, որ ԱՄՆ կ՛ողջունէ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման գործընթացի շարունակութիւնը:
Uzum e asel vor “Hayastan@ Turkerin” khaghakart@ mnalu e AMN-i azger@ u petutyunner@ ar-u-tsakhum.
Gone teghyak e pahum.