Ամէն առիթի կը յայտարարենք, որ երիտասարդութիւնը մեր ապագան է, որ անոնք պիտի ըլլան մեր մշակոյթի պահպանման, Դատի հետապնդման գործը ստանձնողները, ջահակիրները:
Ճիշդ այնպէս, ինչպէս ընտանիքներու մէջ յաճախ կը պատահի, երբ ծնողները գերզբաղած կ՛ըլլան օրուան հացը ապահովելու գործով եւ չափազանց քիչ ժամանակ կ՛ունենան կամ կը յատկացնեն իրենց զաւակներու հարցերուն ծանօթանալու, անոնց հետ հանգիստ հաղորդակցելու, անոնց տագնապներուն հանդէպ զգայնութիւն ցուցաբերելու, այնպէս ալ, մեր կազմակերպութիւնները իրենց առօրեայով տարուած՝ կը մոռնան, որ մեր շրջապատին մէջ եղող երիտասարդները անուշադիր կը մնան ու… կը հեռանան:
Ցաւալին այն է, որ դարձեալ ընտանիքներու օրինակով, ինչպէս ծնողներ այնպէս ալ կազմակերպութեանց ղեկավարներ, պարբերաբար կ՛անդրադառնան զաւակներուն ու երիտասարդներուն հանդէպ զանցումներուն, եւ իրենք իրենց կը խոստանան, կ՛որոշեն, թէ պիտի փոխեն իրենց վերաբերմունքը եւ պիտի սկսին լրջօրէն հետեւելու իրենց երեխաներուն, իրենց երիտասարդ անդամներու խնդիրներուն, սակայն, ափսոս, այդ խոստումն ու որոշումը անգամ ու անգամ զոհ կը դառնան այլ նախապատուութեանց ու առաջնահերթութեանց:
Աւելի ցաւալին այն է, որ ինչպէս ծնողներ, այնպէս ալ կազմակերպութեանց ղեկավարներ գիտեն, համոզուած են, որ իրենց համար առաջնահերթ են զաւակներն ու երիտասարդները, առանց որոնց… ապագայ չունին:
Այսպէս է վիճակը նաեւ մեր համայնքին մէջ: Երիտասարդները լքուած են իրենց վիճակին, ու շատ քիչ ճիգ ու աշխատանք կ՛երեւի՝ անոնց նեցուկ կանգնելու գծով: Բարեբախտաբար, կան երիտասարդներ, որոնք անկախ մեր հաւաքական ուշադրութենէն, սեփական ոտքերու վրայ կանգնելու ուժ ու կարողութիւն կը ցուցաբերեն ու իրենց կարողութեանց սահմաններէն անդին իսկ մեկնելով՝ կը փորձեն կազմակերպուիլ, գործել ու դերակատար ըլլալ հասարակական մեր կեանքին մէջ:
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը նման երիտասարդներ համատեղող կազմակերպութիւններէն մին է. մէկը, որ այս երկրին մէջ գործելու 78ամեայ հարուստ աւանդ ունի, մէկը, որ սերունդներ պատրաստած ու տուած է համայնքին. սերունդներ, որոնք իրենց կարելին նուիրաբերած են այս համայնքի ազգային կեանքը վառ պահելու գործին: Հազարաւոր պատանիներ ու երիտասարդներ մուտք գործած են այս կազմակերպութեան դռներէն ու անկէ դուրս եկած են՝ անպայմանօրէն ազգային գիտակցութեան նոր մակարդակներ նուաճած:
Այս կազմակերպութեան շարքերէն դուրս եկած տղաներն ու աղջիկները մշտապէս հարազատ կը մնան Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան, որ իր կարգին, զանոնք կը համարէ իր ընտանիքի անբաժան մասնիկներ: Այդ տղաներն ու աղջիկները, շատեր հասուն տարիքի, հիմա իրենք ահագին բան ունին տալու, վերադարձնելու Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան, անոր նորագոյն սերունդին:
Այս առումով, կ՛ողջունենք նախկին ՀԵԴականներու միութեան կազմութիւնը, որ հնարաւոր պիտի դարձնէ աւելի կազմակերպուած ձեւով յառաջ տանիլ նոր սերունդը նախկին սերունդին կամրջելու աշխատանքը, եւ անոնց միջեւ հաղորդակցութիւնը աւելի դիւրացնելը:
Յատկանշական է, որ այս նորակազմ միութեան առաջին ձեռնարկը տարբեր տարիքի ու սերունդի պատկանող նախկին ՀԵԴականներու մէկտեղումն է, անոնց քով քովի բերելը, որպէսզի կարենան իրարու փոխանցել իրենց փորձառութիւնները, իրենց մտածումներն ու խորհրդածութիւնները:
Նախկին ՀԵԴականներու այս ջերմացնող ուշադրութիւնը նոր սերունդին հանդէպ ինքնին խանդավառող ըլլալով հանդերձ, չի ձերբազատեր մեզ մեր պարտաւորութիւններէն ու պատասխանատուութենէն՝ հոգատար ըլլալու, օգնելու, խրախուսելու, զօրակցելու երիտասարդութեան, անպայման զանոնք ղեկավարելու յաւակնութեամբ չշարժելու, այլ իրենց կարծիքներուն հետ հաշուի նստելու, գնահատելու ու արժեւորելու, ներգրաւելու: