ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ մէջ գանձ որոնող գողերուն համար, հայկական եկեղեցիներէն բացի թիրախ դարձած են նաեւ հայկական գերեզմանները:
Թրքական «Փոսթա» թերթը կը գրէ, թէ Թուրքիոյ հիւսիսարեւելքը գտնուող Չամլըհեմշիմ շրջանի 80 տուն ունեցող Մուրատ գիւղին մէջ, գանձեր որոնողներու հերթական թիրախը դարձած են համշենահայերու գերեզմանները:
«Լուրեր տարածուած են, որ գիւղի նախկին բնակիչ հայերը, այդտեղէն հեռանալէ առաջ, իրենց ոսկիները թաղած են գերեզմաններու մէջ, յոյս ունենալով, որ թուրքերը յարգանք կը դրսեւորէն գերեզմաններուն նկատմամբ եւ ձեռք չեն տար անոնց: Լուրը տարածուած է ամբողջ շրջանին մէջ, եւ այժմ անյայտ մարդիկ, գանձ գտնելու յոյսով, գիշերով փոսեր սկսած են փորելու գիւղի տարբեր հատուածներուն մէջ», ըսած է գիւղի բնակիչներէն մէկը:
Մուրատի գիւղապետ Հուրշիտ Տուրմուշ յայտնած է, որ տեղական իշխանութիւնները սկսած են գիշերները հոկողութիւն կատարելու՝ կանխելու համար գանձ որոնողներու այս ապօրինի գործողութիւնները: Այս պահակութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ թրքական բանակէն զինուորներ:
Հայերու պահած գանձերը գտնելու մոլուցքը կը տիրէ Արեւմտեան Հայաստանի նախկին հայաբնակ բոլոր վայրերուն մէջ: Այդ մոլուցքը առիթ կը դառնայ, որ արկածախնդիրները քանդեն հայկական գերեզմաններն ու եկեղեցիներուն հիմքերը՝ մտածելով, որ հոն թաղուած կրնան ըլլալ իրենց ակնկալած գանձերը: