
ՄՈՆԹԷ ՔԱՐԼՕ.- Մոնաքոյի մէջ աւարտած «Ամբեր» ճատրակի վար-պետներու մրցաշարին գերազանց արդիւնքով հանդէս եկած է Լեւոն Արոնեանը: ճատրակի Հայաստանի հաւաքականի առաջատարը աշխարհի գրեթէ բոլոր ուժեղագոյններու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած մրցաշարին նուաճած է հզօրագոյնի կոչումը: Վերջին մրցափուլէն առաջ հայ «գրոսմայսթըր»ը մէկ միաւորով կը գերազանցէր մօտակայ մրցակիցը՝ Մակնուս Քարլսընը:
Ըստ «Արմսփոր»չ լրատու գործակալութեան, կոյր խաղի ժամանակ, երբ Արոնեան ոչ-ոքի աւարտեց հանդիպումը Սերգէյ Քարիաքինի հետ, իսկ Քարլսընը պարտուեցաւ Պորիս Կելֆանտէն եւ անկախ ժամացոյցի դէմ ճատրակի արդիւնքներէն, Արոնեանը անհասանելի դարձաւ:
Այսպիսով, Արոնեան դարձաւ ախոյեան, իսկ երկրորդ տեղը գրաւեց Մակնուս Քարլսընը: Լաւագոյն եռեակի վերջինը հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան Վիշուանաթան Անանտը: