
ԵՐԵՒԱՆ, «7or».- Մարտ 25ին, ՀՀ Ազգային ժողովի ճեպազրոյցին ընթացքին, մեկնաբանելով ԵԱՀԿի առաքելութեան զեկոյցը՝ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան նշած է, թէ լրագրողները շատ լրջօրէն կը դիտեն այդ յայտարարութիւնը։
«Իրականութեան մէջ, ա՛յո, միջազգային հանրութիւնը Ղարաբաղը որպէս օկուպացուած տարածք չի դիտում, բայց նա՛ Ղարաբաղի տակ հասկանում է նախկին ԼՂԻՄը, իսկ մե՛նք հասկանում ենք՝ ԼՂՀ, որն իր սահմանադրութեամբ ամրագրել է վերահսկողութիւնը մնացած տարածքների վրայ», ըսած է Վահան Յովհաննիսեան եւ ընդգծած, որ զեկոյցին մէջ «Ատրպէյճանի օկուպացուած տարածքներ» նշուածները նոյնքան Ղարաբաղ են, որքան Ստեփանակերտը:
Ըստ Յովհաննիսեանի, այդ զեկոյցին մէջ ամենախայտառակը այն է, որ այդ տարածքները մինչեւ հիմա կը գտնուին աւերուած վիճակի մէջ: Այնտեղ, դաշտային առաքելութեան հաշուարկներով, կ՛ապրի 14 հազար մարդ, սակայն ան քիչ հաւանական կը համարէ, որ այնտեղ գտնուին 100 հազար մարդիկ, որոնք թաքնուած են. «Իրականում այնտեղ վերաբնակեցման ծրագիր (այսքան տարի է՝ մեր խմբակցութիւնը կռիւ է տալիս) չի իրականացւում, եւ չի իրականացւում Հայաստանի մեղքով, որովհետեւ ՀՀ իշխանութիւններն այս ուղղութեամբ որոշ, թէեւ ոչ լիարժէք, բայց փորձեր կատարում են», ըսած է Վահան Յովհաննիսեան:
Ան նաեւ նշած է, թէ այդ տարածքները վերաբնակեցուած չըլլալու պատճառով է, որ ատրպէյճանցիները չեն լռեր:
Յովհաննիսեան համոզում յայտնած է, որ եթէ այդ տարածքները վերաբնակեցուած ըլլային, ապա թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ միջազգային կառոյցներու վերաբերմունքը ուրիշ պիտի ըլլար։
Իր կարգին, ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան ԵԱՀԿի դաշտային առաքելութեան զեկոյցը դրական գնահատած է, նշելով, որ անիկա բաւական լուրջ հետեւութիւններու առիթ կու տայ:
«Ամենակարեւոր հանգամանքներից մէկն այն է, որ զեկոյցում նշւում է, որ այդ շրջանակներում բոլոր կողմերի մասնակցութեան խնդիր է առաջանում: Այսինքն, պահն է եկել, որ արդէն իսկ ԼՂ հիմնախնդրին որպէս կողմ՝ օրինական ձեւով ներկայացւում է ԼՂՀ մասնակցութիւնը», ընդգծած է Սահակեան ու աւելցուցած, որ հոն կրկին կը խօսուի ուժի չկիրառման մասին, եւ որ փաստահաւաք խումբ կրնայ ըլլալ նաեւ այլ շրջաններու մէջ: