ԱՐԱՄ ՍՈՒՐԷՆ ՀԱՄԲԱՐԵԱՆ
Այս տարի Ապրիլ 24ը կը զուգադիպի Զատկուան Կիրակիին:
Եւ ուրեմն, այդ օրը, այդ սուրբ օրը, հայութիւնը ի մի պիտի գայ իբրեւ քրիստոնեայ՝ տօնելու համար Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը, եւ, իբրեւ Ցեղասպանութեան մոխիրէն յառնող հնաւուրց ժողովուրդ՝ շեփորահարելու համար իր ազգային վերականգնումը:
Մենք հպարտութեամբ պիտի ոգեկոչենք մեր յարութիւնը ատելութեան մոխիրներէն, որոնք կոչուած էին մեզ ոչնչացնելու. պիտի անդրադառնանք տխրութեամբ ու զգօնութեամբ, որ այս մարող բայց եւ այնպէս տակաւին ուժեղ ատելութիւնը, եթէ արդարութեան ջուրով չշիջի բոլորովին, ապա կրնայ վերստին առկայծիլ եւ վառել մեր հնադարեան հայրենիքի զաւակներն ու դուստրերը:
Իբրեւ հաւատքի եւ ներողամտութեան ուժին հաւատացող ժողովուրդի զաւակներ, մենք կը ձգտինք, որ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը զղջումի ճամբով իսկական եւ մշտական ապաշխարանք ստանայ, որովհետեւ, ինչպէս ճշմարտութիւնը, ըստ Սուրբ Գիրքի պատգամին, փրկարար ուժ ունի, այնպէս ալ արդարութիւնը խաղաղութեան ճանապարհը կը բանայ մարդուն առջեւ:
Թուրքիոյ ղեկավարներուն ու կառավարութեան համար իրական ներողամտութիւն ստանալու դժուարին ճանապարհը կ՛անցնի անցեալի մեղքերու անկեղծ խոստովանութեան, զոհերուն պատճառած վնասներուն համար ներողամտութիւն հայցելու ու ամբողջական հատուցում տալու, ինչպէս նաեւ Արարատի պիպլիական հողին վրայ հազարաւոր տարիներէ ի վեր ապրող ժողովուրդի յետնորդներուն հանդէպ ատելութիւնն ու բռնութիւնը ընդմիշտ վերացնելու ուղիով:
Թուրքիան պէտք է ապաշխարէ՝ խօսքով եւ գործով:
Թուրքիան պէտք է փրկէ ինքզինք թէ՛ գործով եւ թէ հոգիով:
Թուրքիան պէտք է մերժէ ամէն տեսակ չարիք եւ ձերբազատուի իր յանցագործութեանց պտուղներէն՝ հայութեան վերադարձնելով այն, ինչ խլած է անոնցմէ, եւ որուն իրաւատէրը կը մնայ ան՝ այժմ եւ միշտ:
Իբրեւ առաջին քայլ, կարելի է սկսիլ բոլոր եկեղեցիներու, վանքերու եւ սրբատեղիներու վերադարձով, ոչ միայն հայերուն, այլ՝ այս պիպլիական հողերու հնադարեան բոլոր քրիստոնեայ բնակիչներուն:
Եւ վերջապէս, իբրեւ հայեր, իբրեւ քրիստոնէութիւնը ընդունող առաջին ազգի զաւակներ, Սուրբ Զատկուան օրուան նախօրէին, կը դիմենք համայն աշխարհի մեր հաւատակից եղբայրներուն եւ քոյրերուն, քրիստոնեայ, իսլամ, հրեայ, բոլոր յարանուանութեանց ու կրօններու հաւատացեալներուն՝ միանալու Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութեան հայ, ասորի, յոյն, պոնտացի եւ այլազգ զոհերու յիշատակին: