
Ինչպիսի գեղեցկութեան տէր էր աշխարհահռչակ Էլիզապէթ Թէյլըրը արդէն ամէն մարդու համար յստակ էր։ Սակայն ո՞ւր կը կայանար այդ գեղեցկութեան գաղտնիքը, կ՛արժէ իմանալ այդ մասին։ Աշխարհը զինք միայն պիտի չյիշէ իբրեւ երկու Օսքար շահող զարմանահրաշ գեղեցկուհի-դերասանուհի, այլ մարդասիրական զգացումներով ու ապրումներով տոքորուած մարդ, բարեսիրտ կին ու անկեղծ բարեկամ։
Այսօր պիտի անդրադառնանք իր նկարագրային եւ կենսագրական որոշ գիծերու, ցուցադրելով միաժամանակ իր ամէնէն սիրուն եւ հմայիչ պատկերները 50 տարուան իր ասպարէզին ընթացքին նկարուած։
Այսօր ան կը յիշուի ու կը փառաբանուի որպէս աշխարհահռչակ դերասան, թաւշեայ աչքերու տէր գեղեցիկ կին, բայց նաեւ կեանքի վերջին տարիներուն՝ հաւատարիմ նուիրատու «էյծ» Aids հիւանդութեան դարմանումի ուսումնասիրութիւններուն համար։
Էլիզապէթ Թէյլըր ծնած է Փետրուար 27, 1932ին Լոնտոնի մէջ, Անգլիա։ Ան միաժամանակ ունէր անգլիական ու ամերիկեան քաղաքացիութիւն։
Ան շատ վիպապաշտ (Romanic) կին մը եղած է եւ իր սիրային կենաքը ամուսնութիւններով ծաղկեցուցած է։ Ութ անգամ ամուսնացած է եւ 7 տարբեր ամուսիններ ունեցած է։ Ռիչրտ Պւրթընին հետ. երկու անգամ ամուսնացած եւ բաժնուած է։ Ամէնէն երկար ամուսնութիւնը եղած է անոր հետ, առաջին անգամ 10 տարի յարատեւ եւ մէկ տարուան բացով, երկրորդ անգամ մէկ տարի։
Ան ունեցած է 4 երեխաներ, որոնցմէ մէկը որդեգրած է։
Առաջին անգամ պաստառի վրայ երեւցած է 1943ին «Lassie Come Home» շարժապատկերով, ապա նշանաւոր դարձած է 1951ին «A Place In The Sun» շարժապատկերին մէջ։ Սակայն ամէնէն նշանաւորը կը մնայ 1963ին պատրաստուած «Cleopatra» շարժապատկերը։
Երկար տարիներ ան մնացած է նշանաւոր դերասանուհի ու անսահման գեղեցկութեամբ օժտուած սիրուն կին։ Անշուշտ իր գեղեցկութեան աղբիւրը ինչպէս շատեր կը վկայեն իր ներքին աշխարհն է, որ շատ աւելի հիասքանչ ու ազնուական է, քան արտաքին իր զմայլելի պատկերը։ Անոր թարմութեան ու մորթին քնքշութեան պատճառը իր բարի սիրտն ու հոգին եղած էին եւ մինչեւ իր վերջին օրերը մնացած է տակաւին այդ գեղեցիկ կինը, որուն նայելով շատեր փափաքած են այդ տարիքին անգամ այդքան սիրուն ըլալ։
Բարիեսիրական իր նուիրատուութիւններով ողողած է բազմաթիւ կազմակերպութիւններ։ Յատկապէս կեդրոնացած է «էյծ» (Aids) հիւանդութեան դէմ պայքարելու իր աշխատանքներուն ու նուիրատուութիւններուն վրայ, որուն համար ալ աշխարհը պիտի չմոռնայ զինք։
Երկար տարիներ հիւնադութիւններէ տառապելով եւ անկողինին ու հիւանդանոցները ծառայելէ ետք մահացաւ Մարտ 23, 2011ին։
Այսօր եւ միշտ պիտի յիշուի այս կինը եւ ոչ միայն նորաձեւութեան կամ շարժապատկերի ու անուշահոտի կամ գոհարեղէնի ասպարէզներուն մէջ, այլ մարդասիրական ազնիւ ծառայութիւններով հարստացած մարդոց անուններու ցուցակներուն վրայ ընդմիշտ պիտի յիշուի այս ազնիւ, բարեսիրտ ու գեղեցկ կնոջ անունը։
Քանի մը պատկերներով կը ներկայացնենք իր գեղեցիկ երեւոյթները զանազան առիթներով։
Նկարներ.-
Առաջին պատկերը ձայնասփիւռի հաղորդումի ժամանակ 1946
Երկրորդ՝ Մէրի Թագուհի նաւապտոյտի ժամանակ 1947ին
Երրորդ՝ 1948ին նկարուած որմնազդներու համար
Չորրորդ՝ 1950ին հարսի հագուստ սաթէն կերպասով
Հինգերորդ՝ 1950ականներու նորաձեւութեամբ
Վեցերորդ՝ 1962ին Ռիչըրտ Պըրթընին հետ
Եօթերորդ՝ 1967ին Օսքար շահած որպէս լաւագոյն դերասանուհի «Whos Afraid of Virginia Woolf» շարժապատկերին համար