ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
Ուրիշները ոչնչութիւն համարող անձերու կարելի է հանդիպիլ կեանքի խաչմերուկներուն վրայ, մանաւանդ երբ անոնցմէ ոմանք նիւթական բարձր դիրքերու տիրացած են կամ հանգամանաւոր ու տիտղոսաւոր դարձած: Ասոնց մէջէն ամէնէն խղճալիները անշուշտ, վերջը հարստացած տեսակներն են մարդոց, որոնք հարստութիւնը կը գործածեն իբրեւ ծածկոյթ իրենց տգիտութեան:
Ընկերային կեանքի մէջ կան նաեւ այնպիսիներ, որոնց խոնարհութիւնն ու հեզութիւնը չափ ու սահման չի՛ ճանչնար: Անկեղծ հոգեւորութեան բիւրեղ բարձրութեան հասած, ու խորհրդապաշտութեան նուիրուած անձերն են ասոնք, որոնք մարդոց հետ չեն բաղդատեր իրենց առաւելութիւններն ու աստուածատուր կարողութիւնները: Այլ՝ հոգեպէս խոնարհած, ու գիտակցաբար համեստացած, իրենց մեղաւոր անձը կը դնեն Աստուծոյ փառաւոր գահու պատուանդանին առջեւ, եւ կը դիտեն Աստուծոյ մեծութիւնը: Այդ համեստ հոգիով գրուած է սաղմոսին այն տողը, ուր սաղմոսերգու թագաւորը իր մեղանչական բնութեան դիմաց տեսնելով Աստուծոյ մեծութիւնն ու սրբութիւնը, կ՛ըսէ. «Մարդը ի՞նչ է որ զանիկա կը յիշես կամ մարդու որդին որ անոր այցելութիւն կ՛ընես» (Սղ 8.4): Սաղմոսերգուն իր այս բառերով նոյնիսկ կը զարմանայ Աստուծոյ մարդասիրութեան, երբ կը տեսնէ, որ մարդ միշտ պատրաստ է անհնազանդ գտնուելու իր Արարչին նկատմամբ, ու իր պատուիրանազանցութեամբ յաճախ կ՛անպատուէ երկնաւոր Հայրը:
Սաղմոսներու գիրքին հետ մտերմութիւն հաստատող հաւատացեալները, անպայման ժամանակի ընթացքին կը զգենուն խոնարհութեան այն հոգին, որուն շնորհիւ միայն կարելի է հասկնալ Աստուծոյ բոլոր ստորոգելիները, սկսելով Անոր հայրութենէն, հասնելու համար մինչեւ Անոր անսահման ներողամտութիւնը:
Ասոնք, իրենք իրենց անձը կը ներկայացնեն իբրեւ ոչնչութիւն, հակառակ Աստուածատուր իրենց կարողութիւններուն եւ զբաղեցուցած կարեւոր դիրքերուն: Ասոնք չեն նմանիր այն սահմանափակ կարողութեամբ վարպետին, որ սկիզբէն կը յայտարարէ թէ որմնադրութեան մէջ մասնագիտացած չէ՛, սակայն շինարարական կալուածէն ներս որոշ աշխատանքներ կրնայ կատարել: Այսպէս վարուողները նախ վախկոտ կ՛ըլլան, որոնք իրենց աշխատանքին ձախաւեր արդիւնքէն սարսափելով, զգուշաւոր դիրք կը բռնեն: Իսկ եթէ պատահի որ մասնակի յաջողութիւն արձանագրեն, շրջապատի գնահատանքին կ՛արժանանան, որովհետեւ իրենց «չգիտցած» գործին ձեռնարկած ըլլալով հանդերձ, գոհացուցիչ արդիւնքի հասան:
Նոյնին օրինակով կարելի է դիտել նաեւ ծոյլ աշակերտին վարուելակերպը: Դասարանային անա-կնկալ քննութեան ընթացքին երբ խնդիր լուծելու պարտականութիւնը ստանձնէ ան, սկիզբէն կը յայտարարէ, թէ՝ չի՛ կրնար լուծել զայն: Սակայն ուսուցչին պնդումներուն տեղի տալով փորձ կը կատարէ, ու երբ մասնակի յաջողութիւն ձեռք ձգէ, փոխանակ բարկութիւն ընդունելու, կը գնահատուի իր կատարած ճիգին համար:
Այսպէս չե՛ն սակայն հոգիով հեզերը, իսկապէս խոնարհներն ու անկեղծօրէն համեստ մարդիկ: Հակառակ խոնարհութեան աստիճաններուն վրայ գտնուելուն, անոնք այնքա՜ն բարձրէն կը դիտեն ստորայինները, որ նոյնիսկ կը խղճան անոնց վրայ:
Բարոյալից պատմուածքներու կարգին կը դասուի հին աշխարհի իշխաններէն մէկուն կեանքին ընթացքին պատահած դէպքերէն մէկը:
Կ՛ըսուի, թէ տօնական առիթով, երկրին արքայազունը փառաւոր թափօրով կ՛անցնէր մայրաքաղաքի գլխաւոր պողոտայէն: Երկրին ժողովուրդը ո՛չ միայն իրար հրմշտկելով կը փորձէր աւելի մօտենալ համազգեստաւոր շքախումբին, այլ յարգալից վերաբերումով նստած տեղէն ոտքի կ՛ելլէր ու գլխարկը հանելով խոնարհաբար կը դնէր կուրծքին, ի նշան խոր յարգանքի ու հաւատարմութեան:
Ժողովուրդին մէջ կար մէկը, սակայն, որ նստած էր ճամբու եզրին, եւ ո՛չ միայն ոտքի չէր ելլեր, այլ ընդհանրապէս հետաքրքրուած չէր թափօրով, ո՛չ ալ զայն գլխաւորող արքայազունով: Երեւոյթ՝ որ իշխանին ընկերակիցներուն ուշադրութիւնը կը գրաւէ: Այս մասին տեղեկացուելով, իշխանը կը հրամայէ թափօրին կանգ առնել, ապա վար կ՛իջնէ իր սպիտակ նժոյգէն, ու կը մօտենայ համեստ հագուածքով ճամբու եզրին նստած մարդուն.
– Դուն կը ճանչնա՞ս քեզի հետ խօսող անձը, կը հարցնէ ան:
– Ո՞վ ես, հարցումով կը պատասխանէ գետին նստող մարդը, որ կը շարունակէ իր տեղը նստած մնալ:
– Ես այս երկրին իշխանն եմ, կ՛ըսէ արքայազունը:
– Յետոյ ի՞նչ պիտի ըլլաս, կը պատասխանէ ճամբեզրին նստողը:
– Այս երկրին թագաւորը պիտի ըլլամ, կ՛ըսէ իշխանը փքուած կուրծքով:
– Յետո՞յ:
– Յետոյ յետոյ կա՛յսր պիտի ըլլամ, կ՛ըսէ ազնուականը նոյն հպարտութեամբ, մինչեւ կը հասնի հոն, երբ պատասխանելով նստող անձին հարցումներուն, ու ինքզինք ներկայացնելով մինչեւ իսկ իբրեւ ապագայ աշխարհակալ, կը ստիպուի ի վերջոյ ըսել, թէ վերջը «ոչին»չ պիտի ըլլայ: Իսկ գետին նստողը, որ մինչ այդ ուրիշ ուղղութեամբ կը նայէր, իշխանին դառնալով կ՛ըսէ.
– Ես այդ «ոչին»չն եմ, ի՞նչ կÿուզես ինձմէ:
Կեանքն ալ այսպիսի թատերաբեմ է, ուր մարդիկ իրենց դիրքին ու հանգամանքին, խելքին կամ նիւթական հարստութեան ապաւինելով, իրենց անձը կ՛ուզեն պարտադրել ուրիշներուն: Գետին նստող «ոչին»չը, իբրեւ սովորական մահկանացու, նաեւ բարոյական դաս կու տայ անոնց, որոնք չեն գիտեր թէ համայն մարդկութիւնը ճակատագրուած է հողայնութեան: Ո՛չ ոք իր ունեցածը պիտի կարենայ տանիլ իր հետ, ո՛չ իսկ իր հագած հագուստը, որ շուտով պիտի փտի գերեզմանի նեխած միջավայրին մէջ, փոշիացած աճիւններ թողելով միայն իր ետին: Պատմուածքին մէջ յիշուած արքայազունին ադամանդակուռ թագն ու մականը, փառաւոր շրջազգեստն ու նոյնիսկ շքեղ ձիակառքը թերեւս յայտնաբերուին աշխարհի տարբեր թանգարաններու ցուցափեղկերուն մէջ, իբրեւ դարեր առաջ այսինչ կայսեր կողմէ օգտագործուած իրեր: Սակայն, արքայազունը ինք՝ գոյութիւն չունի, եւ թերեւս գերեզմանն ալ անյայտ կորած է պատմութեան խորհրդաւոր մթութեան մէջ:
Ամէն մարդ ի վերջոյ «ոչինչ» է, երբ հողեղէն իր գոյութիւնը բաղդատէ Աստուծոյ աննիւթեղէն ամենակարող գոյացութեան հետ: Սակայն շատերուն կը պակսի քաջութիւնը, ամբողջական սրտով ու լրիւ գիտակցութեամբ ըսելու՝ «Ես այդ ոչինչն եմ»:
«Ոչին»չ ըլլալը, ամենեւին յուսահատութեան առաջնորդող ինքնագիտակցութիւն չէ՛, այլ՝ դէպի կատարելութիւն ձգտելու հաստատ ուղի, որ թէպէտ ստիպողաբար երկար ու մութ փապուղիներէ առաջնորդէ մեզ, սակայն անոնց միւս ծայրը անպայման լուսաւոր ու պայծառ է: «Ոչին»չ սեպուելուդ համար մի՛ տրտմիր ուրեմն, որովհետեւ ամէն մարդու վերջը «ո-չին»չ է: