ՄԱՐԻ ԳԱՐԱԼԵԱՆ
Շաբաթ, Փետրուար 26ին, «Ֆերահեան» Ազգային վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ, 45 անդամներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Հայ ամերիկեան տարեցներու միութեան Էնսինոյի մասնաճիւղի ճաշկերոյթ-տօնակատարութիւնը՝ նուիրուած Փետրուարեան ապստամբութեան ընթացքին զոհուած հերոսներու յիշատակին:
Օրուան ճաշը հովանաւորեցին միութեան անդամուհիներ Սիրուն Մարոնեան, Շաքէ Ունճեան, Շաքէ Յակոբեան եւ Շաքէ Չաքեան:
Ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներէն ետք, ատենապետ Սուրէն Գահվէճեան, տէր հօր բացակայութեան պատճառաւ, ճաշօրհնէքը կատարեց եւ ներկաները իրենց մասնակցութիւնը բերին Տէրունական աղօթքին:
Ճաշի աւարտին մասնաճիւղի վարչականներ Մարի Գարալեան, Անժէլ Սեփէթճեան եւ Ալիս Խաչատուրեան հանդէս եկան փոքր ներկայացումով մը՝ նուիրուած Սիրահարներու օրուան: Ապա ատենապետը հրամցուց փունջ մը ազգային երգեր՝ նուիրուած մեր անմահ հերոսներու յիշատակին:
Ասմունքով ձեռնակին իր մասնակցութիւնը բերաւ միութեան անդամներէն Պետրոս Քէշիշեան, իսկ ատենադպրուհի Մարի Գարալեան հրամցուց ժողովրդային քանի մը երգ:
Մթնոլորտը շէն եւ ուրախ էր. եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ միութեան կրթասիրաց հիմնադրամին:
Ապա, Փետրուար ամսուան ծնունդներուն համար Սուրէն Գահվէճեան վեց լեզուներով երգեց «Բարի տարեդարձ» երգը՝ շնորհաւորելով եւ առողջութիւն մաղթելով բոլորին:
Աւարտին, մասնակիցները ուրախ տրամադրութեամբ եւ գոհունակ հեռացան սրահէն, սրտաբուխ մաղթանքներ կատարելով վարչութեան: