
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Մարտ 28ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, երգչուհի Էմմի յայտարարեց, թէ հայկական ծագումով գերմանացի բռնցքամարտիկ Արթուր Աբրահամ պիտի ըլլայ «Boom-Boom» երգի տեսահոլովակին հերոսը: Երգչուհին չբացայայտեց, սակայն, հոլովակին մանրամասնութիւնները։ Նշենք, որ այդ երգով Էմմին պիտի ներկայացնէ Հայաստանը՝ «Եւրոտեսիլ-2011»ին, Տիւսըլտորֆի մէջ:
Ըստ երգչուհիին՝ հոլովակը, որուն նկարահանումները կայացած են Հայաստանի եւ Գերմանիոյ մէջ, պատրաստ պիտի ըլլայ մէկ շաբաթուան ընթացքին, բեմադրիչ Հրանդ Երիցկինեանի կողմէ:
Էմմիի խօսքով, իր երգը որեւէ բանի մասին չէ, պարզապէս ուրախ երգ մըն է, որ պարելու ցանկութիւն կը յառաջացնէ. «Յոյսով եմ, որ այն կ՛ուրախացնի նաեւ մրցոյթից յետոյ»:
Երգչուհին նաեւ յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի սկսի իր պտոյտը եւրոպական երկիրներ, իսկ «Եւրոտեսիլ-2011»ի ընթացքին, իր գործունէութիւնը կը նուիրէ հօր՝ Դաւիթ Բեջանեանի յիշատակին: