ՊԵՆԿԱԶԻ, «Ռոյթըրզ».- Լիպիացի ըմբոստները Երկուշաբթի, Մարտ 28ին շարունակեցին Քազաֆիի հաւատարիմ ուժերուն հետ բախումներ ունենալով՝ յառաջանալ դէպի Սըրթ քաղաքը, որ Քազաֆիի ծննդավայրն է։ Արեւմտեան երկիրներու օդային հարուածներէն քաջալերուած՝ ըմբոստները գրաւեցին Նաուֆալիան, առանց յատկանշական դիմադրութեան հանդիպելու, սակայն կը կարծուի, թէ Սըրթի համար պայքարը աւելի սուր պիտի ըլլայ:
Միւս կողմէ, Լոնտոնի մէջ Երեքշաբթի օր նախատեսուած է 35 պետութիւններու մասնակցութեամբ Լիպիոյ տագնապը քննելու ժողով մը, որուն նախօրեակին, դիւանագիտական եռուզեռը աշխուժացաւ։ Իտալիա առաջարկեց քաղաքական համաձայնութիւն մը, որ կը ներառէ զինադուլի արագ հաստատում, Քազաֆիի աքսորը եւ ըմբոստներուն ու ցեղապետներուն միջեւ երկխօսութիւն։
Իր կարգին, Ռուսիա քննադատեց Լիպիոյ մէջ արեւմտեան միջամտութեան տարողութիւնը, յայտնելով, որ այդ մէկը քաղաքացիական պատերազմի մը ընթացքին կողմնակալութիւն եւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումին խախտում մըն է։
Ֆրանսա եւ Բրիտանիա միացեալ հաղորդագրութեամբ մը Քազաֆիի համակիրներուն կոչ ուղղեցին զինք լքելու, իսկ անոր հակառակորդներէն խնդրեցին միանալ անոր հեռացումին առջեւ ճամբայ բացող քաղաքական գործընթացին։
ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն «Պի.Պի.Սի.»ին յայտնեց, թէ «մենք Լիպիա կը գտնուինք քաղաքայինները պաշտպանելու, ոչ աւելի՝ ոչ նուազ»։
Շաբաթ մը տեւած բուռն բանակցութիւններէ ետք, ՆԱԹՕ Կիրակի օր ստանձնեց Լիպիոյ մէջ միջազգային զինուորական գործողութեան հրամանատարութիւնը։ Հրամանատարութեան պաշտօնական փոխանցումը տեղի պիտի ունենայ քանի մը օրէն։
Մինչ այդ, Քաթար եղաւ առաջին արաբական երկիրը, որ լիպիացի ըմբոստներուն կազմած ազգային խորհուրդը ճանչցաւ իբրեւ Լիպիոյ մէջ միակ օրինական իշխանութիւն։ Լիպիական պետական պատկերասփիւռը Քաթարի քայլը «բացայայտ միջամտութիւն» մը որակեց։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.