ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով, Մարտ 31ին երկօրեայ պաշտօնական այցով Հայաստան պիտի ժամանէ Զուիցերիոյ Համադաշնութեան նախագահ Միշլին Քալմի-Ռէյը:
Այցի ծիրէն ներս, Զուիցերիոյ նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ, պիտի այցելէ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին եւ հանդիպում պիտի ունենայ Գարեգին Բ. վեհափառին հետ, նաեւ այցելէ Գանձարանն ու Մայր տաճարը:
Նախագահ Միշլին Քալմի-Ռէյ նաեւ պիտի մասնակցի Հայաստանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատան բացման արարողութեան:
Պաշտօնական այցի երկրորդ օրը՝ Ապրիլ 1ին, Զուիցերիոյ նախագահը պիտի մեկնի Գիւմրի, ուր պիտի այցելէ «ԿԱԶԱ» զուիցերիական մարդասիրական հիմնադրամը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.