ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Երեքշաբթի, Մարտ 29ին ընդունեց երկիրի կառավարութեան հրաժարականը, մինչ նախագահին ի նպաստ ցոյցեր տեղի ունեցան մայրաքաղաք Դամասկոսի ու շարք մը այլ քաղաքներու մէջ:
Սուրիոյ վարչապետ Նաճի Օթարի պիտի շարունակէ մնալ իր պաշտօնին վրայ, մինչեւ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը։
Երկիրը ցնցած հակակառավարական ցոյցերը մեղմացնելու փորձով մը, իշխանութիւնները խոստացած են շարք մը բարեկարգումներ իրականցնել, եւ կը թուի, թէ Երեքշաբթի օրուան կառավարութեան հրաժարումը մաս կը կազմէ այդ քայլերուն:
Տասնօրեայ ցոյցերուն ընթացքին 61 զոհ արձանագրուած է, մեծամասնութեամբ՝ հարաւային Տարաա քաղաքին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.