ՄԱՐԱԼ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ
1974ին հիմնուած Լոս Անճելըսի «ԱՆԻ» պարախումբը արդէն կը թեւակոխէ իր 37րդ տարին։
Ինչո՞ւ «ԱՆԻ» պարախումբը մօտաւորապէս 4 տասնամեակ կրցած է գոյատեւել, պատասխանը պարզ է. յարատեւ աշխատանք, յաճախակի նորութիւններ եւ բարելաւումներ՝ խումբէն ներս եւ վերջապէս զոյգ պարուսոյցներու՝ Եղիա Հաշօլեանի եւ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի անսակարկ նուիրուածութիւնն ու զօրաւոր կիրքը՝ հանդէպ պարարուեստի։
Պատճառներէն մէկը նաեւ այն է, որ նախկին պարողներն ու ներկայ անդամները շատ մօտիկ ու հարազատ կը զգան այս խումբին, զայն կը նկատեն որպէս երկրորդ ընտանիք։ Նախկին պարողները յաճախակի կապի մէջ են խումբին հետ ու միշտ իրենց պատրաստակամութիւնը կը ցուցաբերեն որեւէ ձեւով զօրավիգ կանգնելու իրենց խումբին։ Այս իրողութեան լաւագոյն փաստը «ԱՆԻ»ի 35ամեակի տօնակատարութեան իրենց մասնակցութիւնն էր՝ միասնական ելոյթով։ Պարախումբի վեթերաններէն Անի Գալֆայեանի վկայութեամբ, «ԱՆԻ»ն իրեն եւ իր նման շատերու համար դարձած էր հայկական ոգիով լեցուած փոքրիկ կղզի մը՝ ովկիանոսին մէջ, ուրկէ կը լսուէին տուտուկի եւ թմբուկի մեղեդիներն ու կշռոյթը, ոտքի հանելով ուս-ուսի տուած դեռատի ու երիտասարդ աղջիկներն ու տղաները։ Իւրաքանչիւր պարող կը զգայ, որ ան ունի իր դերը խումբին մէջ, որ հետզհետէ կը բիւրեղանայ իր կատարողութեամբ եւ ձեռք կը բերէ բարձրորակ իւրայատուկ մակարդակ:
«ԱՆԻ»ի երկարամեայ անդամակցութիւնը ծնունդ տուած է նաեւ բազմաթիւ ընտանիքներու կազմութեանց։
«ԱՆԻ»ն հարիւրաւոր անգամներ բացառիկ ելոյթներ ունեցած է ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու տարածքին, այլ նաեւ հայրենիքի մէջ՝ Երեւան, Գիւմրի եւ Արցախ։ 1999ին «ԱՆԻ» պարախումբը այցելած է Արցախ եւ մօտէն ծանօթացած է արցախահայուն կորովին եւ գոյատեւելու կամքին։ Այդ ներշնչանքով վերադարձած պարախումբը կ՛որոշէ այդ տպաւորութիւնները ապագային պարարուեստով ներկայացնել արցախցիին՝ անոր ապրած 80ամեայ կենաց-մահու մաքառումը սփիւռքահայու ակնոցով տալով։ Պարային յատուկ յորինումները մարմնային իւրայայատուկ շարժումներով կը պատկերեն ժողովուրդին վերածնունդն ու գոյատեւելու ճիգը։ Վերադառնալով Արցախ, «ԱՆԻ»ն այդ պարը կատարեց Ստեփանակերտի մէջ։
«ԱՆԻ»ն նաեւ ամուր կապեր հաստատած է Հայաստանի կարգ մը յայտնի արուեստագէտներու՝ ինչպէսին է Հայաստանի Ժողովրդական արտիստ, Պալետ Մասթր, Մովսէս Խորենացիի շքանշանակիր Նորայր Մեհրաբեանը, որուն հետ 17 տարիներէ ի վեր արուեստի ու անձնական կապեր մշակուած է. մեծ վարպետը ջանք չի խնայեր իր մասնագիտական ներդրումը բերելու խումբին մակարդակը բարձրացնելու գործին, որուն համար ալ պարողները իրենք զիրենք իսկապէս առանձնաշնորհեալ կը համարեն:
Յառաջիկայ Հոկտեմբերին «ԱՆԻ»ն պիտի ունենայ իր տարեկան ելոյթը, որ պիտի նուիրուի Նորայր Միհրաբեանի ծննդեան 70ամեակին՝ առ ի երախտագիտութիւն իր ունեցած ներդրումին, «ԱՆԻ»ի բացառիկ նուաճումներուն մէջ։
«ԱՆԻ»ին ամբողջ անձնակազմը համոզուած է, որ որեւէ խումբ պէտք է յարատեւ կերպով շարունակէ իր բարելաւման աշխատանքները եւ չսահմանափակուի իր ունեցած հմտութիւններով՝ միշտ քայլ պահելով նորարարութիւններու հետ ու միշտ ինքզիք գերազանցելով: Խումբը գիտակից է, որ յարատեւ ծաղկումի իբրեւ ներշնչարան ինք իր տրամադրութեան տակ ունի հայրենիքը եւ հայրենիքէն ստացուած արուեստի անսպառ ժառանգութիւնը։
Պարուսոյցներու կողքին արուեստագիտուհի Ճէյն Հաշօլեանի տարազներու յղացման արուեստին մասին անդրադառնալով, կ՛արժէ գնահատանքով արձանագրել, որ ան չափազանց բծախնդրութեամբ ու հարազատ մնալով հայկական տարազներու ոճին, կը ստեղծագործէ գլուխ գործոցներ, զանոնք ներկայացնելով այսօրուան հասկացողութեամբ։
Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան հովանաւորութեան տակ գործող իբրեւ կարեւոր միաւոր, «ԱՆԻ»ն ունի իր վարչական կազմը, որ նեցուկ կը կանգնի «ԱՆԻ»ի գործունէութեան, ապահովելով անոր կարիքները եւ կեդրոնանալով կազմակերպչական աշխատանքներու վրայ։ «ԱՆԻ» միաւորի վարչութիւնը կազմուած է հետեւեալ անդամներէն,
ատենապետ՝ Միսաք Թերզեան,
ատենադպիր՝ Մարալ Վարժապետեան,
գանձապահ՝ Մարալ Պեքերեան
խորհրդականներ՝ Շաքէ Աճէմեան եւ Րաֆֆի Գազանճեան։
«ԱՆԻ»ի յառաջիկայ ձեռնարկներն ու ծրագիրները բաւական բեղուն պատկեր կը ներկայացնեն. Հոկտեմբերի տարեկան համերգէն ետք, «ԱՆԻ»ն կազմակերպած է Նոյեմբեր 4էն 7ը տեւող նաւային եռօրեայ պտոյտ մը, որուն ընթացքին խումբը իր ելոյթներով պիտի հրամցնէ զանազան նորութիւններ։ «ԱՆԻ»ին սպասողներ շատ կան զանազան գաղթօճախներու մէջ։ Ներկայիս ան հրաւէր ստացած է Արեւելեան Ամերիկայի կարգ մը կազմակերպութիւններու կողմէ, ելոյթ ունենալու տարբեր քաղաքներու մէջ։
Մեր փափաքն է, որ «ԱՆԻ»ն նոյն աւիւնով շարունակէ իր ազգանուէր աշխատանքը եւ 37 տարիներու իր գործունէութեամբ հարստացած ու ապագայի նորոգ հեռանկարներով տոգորուած իր յաղթական երթը շարունակէ ի նպաստ հայ մշակոյթի տարածման։ Առ այդ, բոլոր ընթերցողներու ուշադրութեան կ՛ուզենք յանձնել, թէ պարախումբը միշտ գրկաբաց կ՛ընդունի նոր անդամներ: Հետաքրքրուողները թող հաճին դիմել Սիւզիին 818-613-5358 թիւով, կամ Եղիային 310-901-2889 թիւով կամ ալ այցելել կայքէջը www.Ani dancecompany.org ելեկտրոնային հասցէով։