
ՊԵՆԿԱԶԻ, «Ռոյթըրզ».- Լիպիոյ ըմբոստները Չորեքշաբթի, Մարտ 30ին Քազաֆիի ուժերու հարուածներուն տեղի տալով՝ շարունակեցին նահանջել, կորսնցնելով Նաուֆալիա, Պըն Ճաուատ եւ Ռաս Լանուֆ քաղաքները։ Ըմբոստները Պրեկայի մէջ փորձեցին դիմադրել, սակայն հոնկէ եւս փախուստ տուին դէպի Աժտապիա, ուր իրարանցում կը տիրէր:
Միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւնները յայտնեցին, թէ սննդեղէնի եւ դեղորայքի լուրջ տագնապ գոյութիւն ունի յատկապէս Միսրաթայի մէջ, որ Քազաֆիի ուժերուն կողմէ պաշարուած է։
Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա եւ Բրիտանիա ըմբոստները զինելու կարելիութիւնը կը քննեն, սակայն Ռուսիա կ՛ընդդիմանայ:
Վերջապէս, Ուկանտայի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ պատրաստ են «հիւրընկալելու» Քազաֆին, եթէ ան որոշէ Լիպիայէն հեռանալ: