ԱՆԳԱՐԱ, «Թերթ».- 2012ին Ֆրանսայի մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ, Ընկերվարական ընդդիմադիր կուսակցութիւնը կը պատրաստուի Ծերակոյտի օրակարգ բերել Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Այս մասին կը գրէ թրքական «Հիւրրիյէ»չ օրաթերթը, աւելցնելով, որ հարցազրոյցի մը ընթացքին՝ ֆրանսական Ծերակոյտին մէջ ընկերվարներու խմբակցութեան անդամները հաստատած են այդ տեղեկութիւնը եւ նշած, որ իրենց կուսակցութիւնը կը պատրաստուի օրինագիծը օրակարգ բերել ընթացիկ տարուան 4 Մայիսին:
«Հայկական Սփիւռքը Նոյեմբերին կայանալիք Ծերակոյտի ընտրութիւններէն առաջ աշխուժացուցած է իր շփումները ֆրանսական կուսակցութիւններուն հետ: Տեսնելով իշխանութեան՝ Ցեղասպանութեան փաստի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի առնչութեամբ բացասական վերաբերմունքը՝ հայկական Սփիւռքը բանակցութիւններ սկսաւ Ծերակոյտին մէջ ընկերվարներու խմբակցութեան ղեկավար Ժան Փիեռ Պէլի հետ: Իսկ ընկերվարական կուսակցութեան առաջնորդ Մարթին Օպրին անձամբ ցուցմունքներ տուած է Պէլին օրինագիծը Ծերակոյտի օրակարգին մէջ ընդգրկելու առնչութեամբ: Կը սպասուի, որ Նոյեմբերին կայանալիք ընտրութիւններէն ետք Ծերակոյտին մէջ մեծամասնութիւնը, որ ներկայիս «Միութիւն յանուն ժողովրդական շարժման» իշխող կուսակցութեանն է, պիտի անցնի ընդդիմադիր ընկերվարական կուսակցութեան», կը գրէ «Հիւրրիյէ»չը:
Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութէան փաստի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը 2006ին ընդունուած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի (ստորին պալատ) կողմէն եւ մինչեւ օրս չէ վաւերացուած Ծերակոյտին կողմէ: 19 Մայիս 2010ին նման օրինագիծ ներկայացուած էր համայնավար կուսակցութեան անդամ, Ծերակոյտի փոխխօսնակ Կայ Ֆիշըրի կողմէն: Իսկ 5 Յուլիս 2010ին, ընկերվար 30 ծերակուտականներ ներկայացուցուցած էին համանման օրինագիծ մը եւս: Այդպիսով, ֆրանսական Ծերակոյտին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծերը եղան երեք, եւ շատ հնարաւոր է, որ ֆրանսացի ծերակուտականները 2011ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ քննարկեն այդ օրինագիծերը:
Եթէ օրինագիծը արժանանայ ֆրանսական Ծերակոյտի հաւանութեան եւ ստորագրուի երկրի նախագահի կողմէն, Ֆրանսայի տարածքին բոլոր անոնք, որոնք կը պնդեն, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւն չէ եղած, պիտի դատապարտուին հինգ տարուան ազատազրկման եւ պիտի տուգանուին 45 հազար Եւրոյով: