ԵՐԵՒԱՆ.- Մարտ 31ին, Երեւանի մէջ Զուիցերիոյ նախագահ Միշելին Քալմի Ռէյի հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, նախագահ Սերժ Սարգսեան, հարցումի մը պատասխանելով՝ յայտնած է, որ հայերը միշտ կը սպասեն այն օրուան, երբ ԱՄՆի նախագահը պիտի արտասանէ «ցեղասպանութիւն» բառը:
«Մենք միշտ ցանկացել ենք, որ ԱՄՆ նախագահը յստակ գնահատական տայ կատարուածին: Ես ժամանակին անձամբ եմ խնդրել ԱՄՆ նախագահին անել դա, բայց ցանկութիւնն ու իրականութիւնը տարբեր բաներ են, եւ աւելի լաւ է, երբ ցանկութիւնները համընկնում են իրականութեան հետ», նշած է նախագահ Սարգսեան:
Հայաստանի նախագահը ցանկութիւն յայտնած է, որ այս անգամ հայ ժողովուրդին իղձը իրականանայ, բայց եթէ նոյնիսկ չկատարուի այդ իղձը, նախագահը յորդորած է չհիասթափուիլ եւ շարունակել ջանքերը՝ ի խնդիր Ցեղասպանութեան ճանաչման:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, իր ելոյթին մէջ նախագահը անձամբ շնորհակալութիւն յայտնած է Զուիցերիոյ ազգային խորհուրդին, որ իբրեւ այդ երկրի «մարդասիրութեան իմաստուն աւանդոյթներ»ու շարունակութիւն՝ 2003ին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման բանաձեւ մը ընդունած էր:
Նախագահ Սարգսեան իր ելոյթին մէջ նաեւ անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն: Ան ափսոսանքով նշած է, որ «Թուրքիան խուսափում է իր ստանձնած պարտաւորութիւնների կատարումից եւ նման գործելաոճով արժեզրկում է թէ՛ մեր նախաձեռնութիւնը, եւ թէ գործընթացում ներգրաւուած կողմերի ջանքերը»: