«Շուտով իմացայ, որ փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան առանձինն վերակենդանացուցած է վաղեմի եւ մահամերձ՝ եօթըհարիւր տարուան պատմութիւն ունեցող աշուղական արուեստը…»
Էջը Պատրաստեց՝ ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ
Զրոյց Վաւերագրական Ֆիլմերու Բեմադրիչ Յակոբ Կուտսուզեանի Հետ Իր Նոր Ժապաւէնին՝ «Արմինիըն Մինսթրըլզ»ի Առիթով «Շուտով իմացայ, որ փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան առանձինն վերակենդանացուցած է վաղեմի եւ մահամերձ՝ եօթըհարիւր տարուան պատմութիւն ունեցող աշուղական արուեստը…»

Անցեալ տարուան Ապրիլին, գանատահայ բեմադրիչ Յակոբ Կուտսուզեանի հետ ունեցանք հարցազրոյց մը՝ իր «Արմինիըն Էկզայըլ» վաւերագրական ժապաւէնը Լոս Անճելըսի Հանրային պատկերասփիւռի KCET (PBS) կայանէն սփռուելուն առիթով:
Կուտսուզեան նոր աւարտեց իր վերջին վաւերագրական ֆիլմը, որուն խորագիրն է «Armenian Minstrels» («Հայ Գուսաններ»):
Այս տարի եւս, բեմադրիչին «Արմինիըն Մինսթրըլ»ը, Ապրիլ 5ի երեկոյեան ժամը 8ին պիտի ունենայ իր առաջին՝ Բացման ցուցադրումը, Լոս Անճելըսի պատկերասփիւռի Հանրային կայանէն՝ KCET-էն:
Ճորճ Ատուրեան բեմադրիչին հետ ունեցաւ անոր նշեալ ֆիլմի առթիւ տրուած առաջին հարցազրոյցը, զոր ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ.

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ինչի՞ մասին է ձեր վերջին ժապաւէնը՝ «Արմինիըն Մինսթրըլզ»ը:
ՅԱԿՈԲ ԿՈՒՏՍՈՒԶԵԱՆ.- Առաջին անձերէն մէկը, որուն հանդիպեցայ Հայաստանի մէջ, փրոֆ. Ալինա Փեհլիւանեանն էր: Կը զրուցէինք հայկական ժողովրդական երաժշտութեան էութեան մասին, երբ ան կանգ առաւ զրուցելէ, վերցուց հեռաձայնի ընկալուչը եւ թիւերը հաւաքեց. «Թովմաս, Գանատայէն հիւր մը ունիմ, կրնա՞ս համերգիդ համար երկու տոմս ապահովել»: Ընկալուչը փակեց, ինծի նայեցաւ եւ ըսաւ. «Վաղը երեկոյեան համերգի պիտի երթաս»:
Յաջորդ իրիկուն գացի Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահ. այնտեղ, կրնամ ըսել, հազար մարդ կը սպասէր ներս մտնելու համար. ես ինծի ըսի. «Արդեօք ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ»: Նստանք ամբողջութեամբ լեցուն սրահին մէջ, եւ ես սկսայ ջահերը ու պատերը նկարելու, երբ յանկարծ բազմութիւնը սկսաւ ծափահարելու, իսկ ես յաջորդող երեք ժամերուն բոլորովին դիւթուած մնացի: Համերգասրահէն դուրս եկայ ունենալով միայն մէկ մտածում՝ պէ՛տք է հանդիպիմ փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեանին եւ ֆիլմ մը պատրաստեմ «Սայաթ Նովա» գուսանական խումբին մասին:

Շուտով իմացայ, որ փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան առանձինն վերակենդանացուցած է վաղեմի եւ մահամերձ՝ եօթըհարիւր տարուան պատմութիւն ունեցող աշուղական արուեստը: Հետաքրքրականը այն է, որ ան ստեղծեց ամբողջական միջավայր մը՝ դպրոց, ձայնագրութեան «սթուտիօ», ուսումասիրութեան եւ ցանկագրման կեդրոն, միութիւն, որ կը համախմբէ գուսաններն ու աշուղները, ինչպէս նաեւ՝ երգչախումբը:
Գուսան-ուհիի մը տան մէջ նկարահանումներուն ընթացքին, անկէ խնդրեցի, որ ցոյց տայ, թէ ինչպէ՞ս երգ կը գրէ. ան զիս տարաւ այլ սենեակ մը: Մինչ կը նկարէինք, նկատեցի, որ ան ոչ միայն ցոյց կու տար, թէ ինչպէ՛ս երգ կը գրէ, այլեւ, աչքիս դիմաց, նոր երգ մը յօրինելու ընթացքին մէջ էր ան: Ահա այսպէս է աշուղներուն ներշնչուած եւ մղուած ըլլալու ձեւը:
Ժապաւէնս կը ներկայացնէ «Սայաթ Նովա» գուսաններու երգչախումբը եւ «աշուղ»ի տիտղոս ձեռք բերած չորս յայտնի գուսաններ՝ գուսան Անդրանիկ Ուջանցի, գուսան Աստղանուշ, գուսան Քոչար եւ գուսան Մախմուր:
Վերադառնալէս ետք, երբ ժապաւէնը կը համադրէի (editing), երբեմն կը մոռնայի, թէ ի՛նչ կ՛ընէի եւ կը ներգրաւուէի անոնց գեղեցիկ աշխարհին մէջ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս ընթացան նկարահանումները:

ՅԱԿՈԲ ԿՈՒՏՍՈՒԶԵԱՆ.- Շատ հանգիստ կը զգամ Հայաստանի մէջ նկարահանելով: Այնտեղ, անսպասելիօրէն հանդիպեցայ շատ արտակարգ եւ հետաքրքրական արուեստագէտներու. երազներս իրականացան. նախ հանդիպեցայ Թովմաս Պօղոսեանին եւ «Սայաթ Նովա» գուսաններու երգչախումբին, ապա զիս ներկայացուցին մեծագոյն գուսաններու: Այնուհետեւ հանդիպեցայ յօրինողներու եւ կատարողներու, ուստի նկարահանումները լաւ ընթացան եւ այժմ հայ երաժշտութեան մասին երկրորդ ժապաւէնս համադրելու աշխատանքին մէջ եմ. չէի կրնար այս մէկը չընել, անհրաժեշտութիւն մըն է անիկա: Երբ գեղեցիկ բան մը կայ դիմացս, պէ՛տք է զայն ընդգրկեմ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ի՞նչն է ձեր ներշնչման աղբիւրը:

ՅԱԿՈԲ ԿՈՒՏՍՈՒԶԵԱՆ.- Կախարդական «պահը» եւ Հայաստանը: Հայաստանը ինծի համար ներշնչելի է՝ ժողովուրդը եւ հողը: Յստակ ծրագիրով չեմ առաջնորդուիր, այլ ունիմ ընդհանուր գաղափար մը, որ զիս կը մղէ: Վստահ եմ, որ ամէն անգամ, երբ Հայաստան երթամ, անակնկալներու առջեւ պիտի գտնուիմ ու պիտի ներշնչուիմ, ու ճիշդ այդ մէկն է, որ կը պատահի միշտ: Չեմ փորձեր աշխատանքիս ընթացքը մտաւորականացնել, ինծի համար «սինեմա»ն ներսիդիէն առաջնորդուած փորձառութիւն մըն է: Կեանքի նման, ուղղագնաց տրամաբանութիւն մը չկայ ֆիլմի մը մէջ. զայն կը գտնենք միայն յետադարձ ակնարկով: Ինծի համար կարեւոր է նաեւ զիս շրջապատող աշխարհին հետ զուգորդուիլը. այսինքն կապակցութիւնը՝ իմ ու իմ «քամերա»յիս, եւ զիս շրջապատող ամէն ինչին միջեւ: Սակայն ամէնէն դժուարը կենդանի երաժշտութիւնը նկարահանելն է. այս բոլոր տեսութիւնները ջուրը կ՛իյնան, երբ «քամերա»ն դառնալու սկսի. պարէ՛ անոր հետ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Որեւէ ֆինանսաւորում ունեցա՞ք այս ժապաւէնի իրականացման համար:
ՅԱԿՈԲ ԿՈՒՏՍՈՒԶԵԱՆ.- Ներկայիս՝ ոչ: Սակայն շատ բան փոխուեցաւ այս վերջին ամիսներուն. այս մէկը իսկապէս հրաշալի է: Ունիմ արդէն նկարահանուած երկու ժապաւէններ, եւ հայկական երաժշտութեան մասին այլ ժապաւէնի մը համադրման աշխատանքին մէջ եմ ներկայիս, նախքան իմ ծրագրած «Հայկական երրեակին» երրորդ ժապաւէնի աշխատանքին անցնիլը: Ուրեմն, հովանաւոր ունենալը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է:

Ես աշխուժօրէն հովանաւոր չեմ փնտռեր, որովհետեւ ինծի համար գործերս շահ ապահովող չեն եւ, միւս կողմէ՝ երբեք ներդրում, Մայքըլ Մուրը չեմ: Իրականութեան մէջ, ամէն մարդ գիտէ, թէ ես ո՛ւր կը գտնուիմ. երկու համացանցի կայքեր ունիմ, երկու հատ ալ՝ NFB-ի վրայ. իրականացուցած եմ երեք հայկական վաւերագրական ժապաւէններ եւ նորերը ժամբու վրայ են, նաեւ իրկանացուցած եմ 250է աւելի պատկերասփիւռի ծրագիրներ. ուրեմն հաւանական հովանաւորները դիւրութեամբ կրնան զիս գտնել:
Մինչեւ օրս, անձնական միջոցներովս ֆինանսաւորեցի բոլոր ծրագիրներս:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- «Արմինիըն Մինսթրըլզ»ը շուտով պիտի ունենայ իր առաջին հանրային սփռումը. կրնա՞ք մանրամասնութիւններ տալ անոր մասին:
ՅԱԿՈԲ ԿՈՒՏՍՈՒԶԵԱՆ.- Անշո՛ւշտ: Նոյնիսկ նախքան «Արմինիըն Մինսթրըլզ» ժապաւէնի նկարահանումները աւարտելս, նախնական, չհամադրուած (rough cut) ձեւով զայն ուղղարկեցի KCET-ի Լոս Անճելըսի բաժանմունքի տնօրէն Պոհտան Զաքարիի, եւ շատ կարճ միջոցի մը մէջ ան ձեռք բերաւ ֆիլմի սփռումին իրաւունքները: Միշտ կը խանդավառուիմ, երբ KCET-ն ֆիլմերս կը ցուցադրէ:
Սակայն Պոհտան Զաքարի աւելի մեծ ծրագիր ունի. այս տարի կ՛ուզէ ետեւ-ետեւի երկու ֆիլմերս սփռել KCET-էն, իր դրամահաւաքի երեկոյին ընթացքին: Ասիկա մեծ պատիւ մըն է ինծի համար: Ապրիլ 5ի երեկոյեան ժամը 8ին, «Արմինիըն Մինսթրըլզ» ֆիլմի համաշխարհային բացումը պիտի կատարուի KCET-ի վերոյիշեալ սփռումով, ապա անոր պիտի յաջորդէ «Արմինիըն Էկզայըլ» (Armenian Exile) ժապաւէնիս ցուցադրութիւնը՝ ժամը 9:30ին: