ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՅ Դաշնակցութեան «Քրիստափոր» եւ «Սարդարապատ» կոմիտէութիւններուն, կազմակերպութեամբ Հայ Դատի յանձնախումբին, Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մարտ 19ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Հայ Դատի աշխատանքները քաջալերող 200է աւելի հայորդիներու ու կարգ մը ոչ հայ քաղաքական դէմքերու, որոնք եկած էին զօրավիգ կանգնելու Հայ Դատին: Ներկայ էին նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան, Յովէլ քհնյ. Օհանեան, վեր. Ներսէս Պալապանեան, շրջանիս մէջ գործող յարակից կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ: Սեղաններուն օրհնութիւնը կատարեց Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան:
Ողջոյնի խօսքերով երեկոյթին բացումը կատարեց հանդիսավարուհի Անի Պաղտասարեան. ան նախ ընդհանուր ակնարկ մը ընելով 2010ի ընթացքին Հայ Դատի տարած աշխատանքներուն՝ խօսեցաւ մարտահրաւէրներուն ու յուսախաբութիւններուն, ինչպէս նաեւ անոնց դրական կողմերուն մասին: Ապա ան շարունակեց ըսելով. «Դու՛ք մեր համայնքի անդամներ, դուք ձեր ձայնը բարձրացուցիք աննախնդաց թափով մը այս օրէնսդրական որոշումը յաջողեցնելու, սակայն Քոնկրեսն ու պետական աւագանին դաւաճանեցին մեզ. նախագահ Օպաման, արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, եւ մեր բարեկամը՝ նախկին խօսնակ Նենսի Փելոսին, խաբեցին մեզ, ինչպէս նախորդ տարիներուն»:
Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Կարապետեան հակիրճ կերպով ներկայացուց յանձնախումբին տարեկան տեղեկագիրը՝ տարուած աշխատանքներուն ու գործունէութիւններուն մասին լուսաբանութիւններ տալով: Ապա ան տուաւ մանրամասնեալ տեղեկութիւններ ներկայացուցիչներու տան թիւ 252 բանաձեւին շուրջ ստեղծուած վէճին մասին: Կարապետեան իր խօսքը եզրակացուց ըսելով. «Սակայն, այս գործընթացն ու անոր հետեւանքները ուսանելի ու արժէքաւոր եղան մեզի համար. անոնք պատճառ դարձան, որ մենք զմեզ հաւաքենք ու պատրաստուինք յաջորդ ճակատամարտին»:
Անակնկալ ու հաճելի ծանօթացում մըն էր գաղութիս համար ներկայութիւնը Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի հայազգի նորընտիր անդամ Խաչօ Աչաճեանի: Ան ծնած է Շթորա, Լիբանան: Իր նախնական ուսումը ստացած է Այնճար, իսկ 1971ին եկած է ԱՄՆ ու հաստատուած Սան Լուիս Օպիսփօ քաղաքը, շարունակելու համար իր ուսումը՝ ստանալով պսակաւոր արուեստից վկայական: 1982ին կը դառնայ ԱՄՆի քաղաքացի ու կը սկսի կամաւոր ծառայութիւններ կատարելու տեղւոյն համայնքային կազմակերպութիւններուն մէջ: Առ ի գնահատանք իր աշխատանքներուն, այդ շրջանի նահանգապետ Փիթ Ուիլսըն զինք կը նշանակէ Սան Լուիս Օպիսփոյի տօնավաճառի կազմակերպիչ անդամ: 2006ին նահանգապետ Շուարցնեկըր զինք կը նշանակէ Քալիֆորնիոյ Ծովեզերեայ հարցերու յանձնաժողովի (Coastal Commission) անդամ: Իսկ 2010ի Յունիսին, ան կ՛ընտրուի Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ:
Խաչօ Աչաճեան կ՛ըսէ. «Ապրիլ 14, 2011ին, հպարտութեամբ խորհրդարանին պիտի ներկայացնեմ առաջին բանաձեւս Հայկական Ցեղասպանութեան մասին, պաշտօնակիցի՛ս՝ ներկայացուցիչ Փորթանթինոյի համահեղինակութեամբ: Այդ բանաձեւը պիտի նշէ Ապրիլ 24, 2011ն իբրեւ 1915էն-1923ի Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակութեան օր Քալիֆորնիոյ մէջ: Սոյն բանաձեւը նաեւ պիտի յիշեցնէ ամերիկեան Քոնկրեսին ու Միացեալ Նահանգներու նախագահին, թէ ժամանակն է ճանչնալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը. բան մը, որ նախագահ Օպամա խոստացաւ նախընտրական շրջանին, բայց չիրագործեց»:
Օրուան պատգամախօսն էր դոկտ. Հայկ Դեմոյեան՝ Երեւանէն: Ան 2005էն ի վեր տնօրէնն է Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին, իսկ իր դոկտորան ստացած է Երեւանի արեւելագիտութեան ազգային ակադեմիայէն: Ան կը դասախօսէ Երեւանի համալսարանի պատմութեան մասնաբաժինին մէջ: Ան նաեւ գիտահետազօտող մըն է ու գրած է քանի մը գիրքեր Ցեղասպանութեան, թրքական արտաքին քաղաքականութեան եւ Ղարաբաղի պատերազմի ձեռնամուխ ըլլալու Թուրքիոյ ջանքերուն մասին: Ան նաեւ ջատագով մըն է Ցեղասպանութեան ճանաչման ու սկզբնական օրերէն ընդդիմադիր մը՝ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն, հակառակ իր դիմակալած քաղաքական ճնշումներուն:
Դոկտ. Դեմոյեան ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան ու թիւ 252 բանաձեւին ընդդիմանալու Օպամայի դիրքին մասին, հակառակ իր տուած խոստումներուն: Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխարհատարած աշխատանքին մասին, թելադրելով, որ այդ աշխատանքները երբեք չտկարանան, ինչ ալ ըլլայ այդ աշխատանքներուն գինը: Ապա դոկտ. Դեմոյեան մասնաւորաբար անդրադարձաւ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն, որոնք բացարձակապէս չէին վայելած հայ ժողովուրդի մեծամասնութեան աջակցութիւնը: Ան շեշտեց, թէ որեւէ ձեւով նման համաձայնութիւն մը կարելի չէ ստորագրել, առանց հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ճանաչման, առանց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու բռնագրաւուած հողերու վերադարձին:
Հանդիսութեան աւարտին, դոկտ. Հայկ Դեմոյեանին եւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Խաչօ Աչաճեանին յանձնուեցան 1918ին Սան Ֆրանսիսքոյի փոքրիկ հայ գաղութին կողմէ տեղի ունեցած ցոյցին՝ 20ով 40 շրջանակուած լուսանկարները, ձեռամբ Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Կարապետեանին:
Ամերիկայի մէջ հայկական ձեռնարկները երկլեզու ընելը արդէն իսկ ընդունուած իրականութիւն է. կը յարգենք օտար հիւրերն ու հայ անգլիախօս հանդիսականները: Սակայն, Հայ Դատի ձեռնարկ մը հարիւր տոկոս անգլերէն ըլլալը դատապարտելի է: Փառք կու տանք Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեանին, որ սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց հայերէնով: