Ի Շարս Այլոց, Արեւմուտքի Վերջին Վտանգաւոր Արտածումը՝ «Դեմոկրացիա, Դեմոկրացիա…»
ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՄՃԵԱՆ
Ի սկզբանէ ընդգծենք, որ այս յօդուածի նեղ սահմաններուն մէջ դժուար է 1700ականներէն մինչեւ օրերս երկարող Արեւմուտք-Միջին Արեւելք յարաբերութեանց համապարփակ պատմութիւնը ներկայացնել:
Հետեւաբար պիտի արտայայտեմ կարգ մը միտքեր ու փորձեմ որոշ վերլուծումով նոր հարցականներ ստեղծել ընթերցողի միտքին մէջ…
Ի յառաջագունէ նաեւ ընդգծենք, որ քաղաքական «ճարկոն»ի մէջ այսպէս կոչուած «Ազգ-Պետութիւն» հասկացութիւնը, որ Եւրոպական արտադրութիւն մըն է, դարեր տեւած մէկ պատմա-քաղաքական ընթացք է, որ իրականացուած է վերէն՝ ի հեճուկս պարզ մարդոց ազատութեանց: Տակաւին, անիկա տեղի տուած է տասնեակ մեծ ու փոքր պատերազմներու, որոնց վերջին նմոյշներն են՝ Ա. եւ Բ. Աշխարհամարտերը: Այս վերջին պատերազմները իրականութեան մէջ այլ բան չէին, եթէ ոչ ազգ-պետութեան օրինաչափութեան մէջ ուշ մնացած Գերմանիոյ ճիգը՝ աւարէն իր բաժինը ստանալու, ինչ որ կը զլացուէր իրեն: Այսուհանդերձ, դիտելով Եւրոպայի պատմութիւնը՝ կարելի է անվարան ընդգծել, որ այս ազգ-պետութիւն ըսուած «հրէշ»ը միանշանակ կաղապար չունեցաւ: Փաստը՝ Եւրոպայի մէջ մէջտեղ եկած իւրաքանչիւր ազգ-պետութիւն հետեւեցաւ իր ինքնուրոյն փորձառութեան ու պատմական ընթացքին:
Իրականութեան մէջ, կարելի է նաեւ անվարան ըսել, թէ այսօրուան ազգ-պետութեանց ու ժողովրդավար կարգերու հաստատումը կարելի դարձաւ ճարտարարուեստի յեղափոխութեամբ (Industrial Revolution) ու քաղքենի (պուրժուա) դասակարգերու ստեղծումով: Հետեւաբար, թագաւորները չէին ազգ-պետութիւնը ամրագրողները, այլ ճարտարարուեստի աճի արդիւնքով մէջտեղ եկած քաղքենի դասակարգերը: Ընթերցողին ուշադրութեան կ՛ուզեմ յանձնել այն պարագան, որ այս ազգ-պետութիւն «ֆորմիւլա»ի հետագայ զարգացման մասին աւելին պիտի գրեմ ստորեւ:
ԱՌԱæԻՆ ԱՐՏԱԾՈՒՄ՝
ԳԱՂՈՒԹԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ
Եւրոպան հում նիւթի պէտք ունէր: Հետեւաբար, դիմեց «Գաղութատիրութեան» (Colonization): Ան այս ըրաւ իր գաղութներէն աժան հում նիւթ ներածելու, ու զանոնք ապրանքի վերածելով՝ այդ գաղութներու շուկաներուն մէջ սպառելու: Այսպէս, թիզուեցաւ հարստութիւն մը, որ իր կարգին ամրագրեց ազգ-պետութիւն հասկացութիւնը: Այսպէս, գաղութատիրութիւնը եղաւ Եւրոպայի առաջին քաղաքական արտածումը դէպի աշխարհի զանազան մասերը՝ սկսելով Հնդկաստանէն ու հասնելով Ափրիկէի Միջերկրական ծովու ափերը, ուր գաղութատէր պետութիւնները հաստատեցին նաեւ իրենց գաղութները՝ աւելի եւս դիւրացնելու համար հոն ապրող ժողովուրդներուն հարստութեան յափշտակումը:
Թերեւս գաղութատիրութեան մէկ այլ օրինակ էր Ամերիկեան ցամաքամասի զաւթումը կարգ մը եւրոպական պետութիւններու կողմէ: Կացութիւնը սակայն փոխուեցաւ, երբ Հիւսիսային Ամերիկա հաստատուած եւրոպացիները իրենց անկախութեան համար յեղափոխութիւն սարքեցին Մեծն Բրիտանիոյ դէմ: Թէեւ այսպիսով ծնունդ առած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները (ԱՄՆ) չնմանեցաւ այլ գաղութներու, ու տակաւին, ազգ-պետութեան գաղափարէն անդին երթալով՝ հաստատեց ժամանակակից պատմութեան առաջին հանրապետական կերպարը, այսուհանդերձ, նոյնիսկ նկատի ունենալով, որ իր անծայրածիր հողատարածքին արդիւնքով ան ունէր հում նիւթի ու յարգի մետաղներու մեծ շտեմարաններ՝ իր ճարտարարուեստականացումին մղիչ ուժ տալու համար, ժամանակի ընթացքին, սակայն, ան ալ իր կարգին պիտի հետեւէր գաղութատիրական եւրոպական ձեւերուն ու դառնար Արեւմուտքի ամենահզօր պետութիւնը, ու իր կարգին՝ գաղութներ հիմնէր աշխարհի չորս ծագերուն:
ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՐՏԱԾՈՒՄ՝
«ՔԱՓԻԹՈՒԼԱՍԻՈՆ»ՆԵՐ
Օսմանեան կայսրութեան պարագային, Եւրոպան արտածեց մէկ այլ նորութիւն՝ «Քափիթուլասիոն»ներ (Capitulations): Իր ներքին շահերուն ու քաղաքական անդորրը պահելու համար, Օսմանեան հողերու ամբողջականութիւնն ու անձեռնմխելիութիւնը աչքի առաջ առնելով՝ Եւրոպան հոն արտածեց «Քափիթուլասիոն» կոչուած մէկ նոր քաղաքական խաղ, որուն միջոցաւ կրցաւ ընել գրեթէ այն, ինչ կը կատարէր իր գաղութներուն մէջ: Այլ խօսքով՝ տիրել առանց բանակներու: Այս «քափիթուլասիոն»ներու հետեւանքով էր, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հետզհետէ մէջտեղ եկան անջատողական շարժումներ՝ Պալքաններէն մինչեւ Արեւմտեան Հայաստան ու արաբական հողերը: Եւրոպական «Լուսաւորութեան» (enlightenment) ու «Զարթօնք»ի պիտակներուն ներքեւ, եւ ընդհանրապէս եւրոպական ուսում ստացած անձանց միջոցաւ, Եւրոպան իր նոր մանրէները արտածեց ու տարածեց հոն, ուր կ՛ուզէր տիրել, առանց իր բանակներու ներկայութեան:
Մեր՝ հայերուս, պարագան ալ կարելի է դիտել այս պրիսմակէն: Հայութիւնը ներածեց «Լուսաւորութեան» ու «Զարթօնք»ի այս գաղափարները: Բայց արդեօ՞ք կրցանք զանոնք յարմարցնել մեր աշխարհաքաղաքական իրականութեան հետ: Պատմական փաստը ցոյց կու տայ, որ մէր նախ «բարենորոգչական» ու ապա ազգային ազատագրական, այլեւ յեղափոխական շարժումը չկրցան հասնիլ իրենց նպատակին: Նոյնն էր պարագան Օսմանեան կայսրութեան գրեթէ բոլոր ժողովուրդներուն, ի բացառեալ Պալքաններէն, ուր ապրող ժողովուրդները Եւրոպայի շարունակութիւնը համարուող հողամասերու տէրեր նկատելով՝ Եւրոպան ջանք չխնայեց օսմանցին այդ վայրերէն վտարելու: Այսուհանդերձ, Պալքանները միշտ ալ մնացին կռուախնձոր, եւ ազգ-պետութեան կաղապարին մէջ մտնելու իրենց ճիգերը մնացին ապարդիւն, մինչեւ որ Արեւելեան Եւրոպային հետ ինկան Սովետական կայսերապաշտութեան ճիրաններուն մէջ:
ԵՐՐՈՐԴ ԱՐՏԱԾՈՒՄ՝
«ՄԱՆՏԱԹ»ՆԵՐ
Ա. Աշխարհամարտի աւարտին, Եւրոպան կրցաւ իր նախկին «քափիթուլասիոն»ներու փոխարէն, Միջին Արեւելքի մէջ հաստատել գաղութատիրութեան մէկ նոր տարբերակը հանդիսացող «մանտաթային» (Mandates) դրութիւնը:
Ի՞նչ էր մանտաթային իշխանութեան միտք բանին: Կատարեալ տիրութիւն ու այսպէս կոչուած՝ Եւրոպայի կողմէ այլ ժողովուրդները քաղաքակրթելու «միսիա» (Mission Civilatrice)…
Թէ Արեւմուտքը առհասարակ ու Եւրոպան՝ ի մասնաւորի, ուրկէ՞ ստացած էին նման «միսիա» մը իրագործելու իրաւունքը՝ այդ կարելի է բացատրել միայն ուժի յարաբերութիւններով: Թէ նման այլափոխում վտանգաւո՞ր էր՝ ինչ փոյթ. վերջապէս, ո՞վ կարեւորութիւն կու տար տեղացի ժողովուրդի իսկական կարիքներուն կամ բնատուր պահանջներուն:
1916ին գաղտնաբար կնքուած Սայքս Փիքոյի համաձայնագիրին հիմամբ, Միջին Արեւելքն ու անոր մէջ ապրող միատարր արաբ ժողովուրդը տարանջատուեցան անապատի աւազներուն վրայ գծուած երեւակայական «սահմաններ»ով, ու մէջտեղ եկան «պետութիւններ», որոնք բացառապէս ցեղախմբային բնոյթ ունէին: Այսպէս, ցեղախումբերուն շնորհելով պետական դրօշ՝ Եւրոպան կրցաւ իր մանտաթային արտածումով իշխել այս նորելուկ պետութիւններուն վրայ:
Անշուշտ, Եւրոպան կը փորձէր իր օրինակով ազգ-պետութիւններ յառաջացնել հոն, ուր նման հասկացողութիւն չկար: Նկատի չէր առնուած նաեւ արաբ ժողովուրդին աշխարհա-քաղաքական, ընկերային, կրօնական եւ այլ օրինաչափութիւններն ու ապագայ յաջող երթի կռուանները: Մանտաթները ատոր համար չէին ստեղծուած:
ՉՈՐՐՈՐԴ ԱՐՏԱԾՈՒՄ՝
«ԱԶԳ-ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ…»
Բ. Աշխարհամարտի աւարտով, Եւրոպան այլեւս անկարող էր իր մանտաթային քաղաքականութեան միջոցաւ շարունակել Միջին Արեւելքի մէջ: Սկսան շրջանէն ներս անկախ պետութիւններու՝ մէկը միւսին ետեւէն՝ յայտարարութիւնները: Անունով անկախ, բայց իրականութեան մէջ աներեւոյթ ու երեւացող զանազան «թե»չերով իր նախկին մանտաթային պետութեան կապուած ու անկէ կախեալ այս պետութիւնները, կոչուած չէին իրենց ժողովուրդներու բարօրութեան ուժ տալու: Անոնք ընդհանրապէս ունէին խամաճիկ ու նախկին մանտաթային երկրին ենթարկուող իշխանաւորներ: Հետեւաբար, այս նորաստեղծ անկախ երկիրներուն մէջ Եւրոպայի օրինակով ազգ-պետութեան «մօտել» պարտադրելը իսկապէս ծիծաղելի երեւոյթ էր:
Եւրոպան ասոր վրայ աւելցուց մէկ այլ կացութիւն, երբ 1948ին, Ազգերու լիկայի իսկ որոշումով, ընթացք տուաւ Պաղեստինի մէջ Հրէական պետութեան մը յառաջացման: Իսրայէլի նորաստեղծ պետութիւնը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ Արեւմուտքի առաջատար քաղաքական, ռազմական գիծը՝ արաբական նորաստեղծ աշխարհի բաբախուն սիրտին վրայ:
Եղան նաեւ պարագաներ, երբ տեղական պոռթկումներ արձանագրուեցան: Այսպիսին էր Եգիպտոսի մէջ ի յայտ եկած «Ազատ սպաներու շարժում»ը, որ իշխանութեան գալով՝ 1956ին ազգայնացուց Սուէզի ջրանցքը, եւ որուն հետեւանքով, 1958ին յարձակման ենթարկուեցաւ Անգլիա-Ֆրանսա-Իսրայէլ երրեակին կողմէ: Ընդգծենք նաեւ, որ եգիպտացիները նման քայլի մը մղողը նոյնինքն ԱՄՆն էր, որ յետայսու հիմնական դերակատար պիտի ըլլար Միջին Արեւելքի անցուդարձերուն մէջ:
Արաբները այսպիսով տարանջատուած մնացին, ու իրենց ձեռքի հարստութեան մեծագոյն աղբիւրը՝ քարիւղը, սատարեց ոչ թէ ժողովուրդի բարօրութեան, այլ իշխանաւորներու ու Եւրոպայի աւելիով հարստացման: Իրականութեան մէջ այս նորանկախ երկիրներուն մէջ, բառին իսկական առումով «Միջին դասակարգ»եր յառաջ չեկան: Կային իշխանաւորներն ու անոնց մօտիկ շրջանակներու հարուստ դասակարգը, իսկ անդին՝ մնացեալ աղքատ ժողովուրդը, որ հետզհետէ հասաւ աղքատութեան այնպիսի աստիճանի, ուր հացն իսկ մուրալու ու բնակարանի փոխարէն գերեզմանոցներու մէջ ապրելու հարկադրուեցաւ:
ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԱՐՏԱԾՈՒՄ՝
«ԴԵՄՈԿՐԱՑԻԱ,
ԴԵՄՈԿՐԱՑԻԱ…»
Իրականութեան մէջ, Արաբական աշխարհի վերջին պոռթկումները կարելի է ըմբռնել այդ երկիրներու ժողովուրդներու մեծամասնութեան աղքատութեան ու զանոնք ճնշող ու այդ աղքատութեան մէջ պահող իշխանական շրջանակներու անտարբերութեամբ:
Նոյնիսկ ընկերվարական փորձերը (օրինակ՝ Պաաս կուսակցութեան տարբեր ճիւղերու յառաջացումը Սուրիոյ ու Իրաքի մէջ), ինչպէս նաեւ Արեւմուտքի փոխարէն Սովետական Միութեան մօտենալու որոշ երկիրներու փորձերը, արդիւնք չտուին: Արդիւնք չտուաւ նաեւ այսպէս կոչուած՝ արաբ կարգ մը ղեկավարներու հակա-առեւելումի շարժում յառաջացնելու փորձերը… Արդեօք եւրոպան այդքան ալ փափուկ պիտի վարուէ՞ր նման շարժումներու հետ:
Հացի կարօտէն ու բան մը չունենալով՝ չունեցածը չկորսնցնելու վախէն զուրկ արաբ ամբոխը, վերջապէս հասաւ ըմբոստացման աստիճանի: Սակայն հարցը հոս չաւարտիր:
Տուեալներ կան հաւատալու, որ այս ըմբոստացումները տեղական արտադրութիւններ չեն: Անոնց ետին կայ նոյնինքն Արեւմուտքին մատը, որ հետզհետէ աւելի ցայտուն կը դառնայ: Թէ այս ղարմաղալներէն ինչպիսի՞ վարչակարգեր պիտի յառաջանան արաբական աշխարհին մէջ եւ թէ արդեօ՞ք այս նոր վարչակարգերը իսկապէս «ժողովրդավար» պիտի ըլլան ու պիտի ծառայէն այդ ժողովուրդներու բարօրութեան՝ լաւագոյն պարագային կը մնան հարցականներ:
Թող ընթերցողը ինք ըլլայ «դատաւորը» Միջին Արեւելքի գալիքի «ցունամի»ին…