(«Ամերիկահայ Գիրքի Պատմութիւն» Եւ «Հայկական Բառարաններու Համառօտ Պատմութիւն». Հեղինակ՝ Յովսէփ Նալպանտեան)
Յովսէփ Նալպանտեան անծանօթ անուն չէ հայ գիրքի աշխարհին մէջ, ինչպէս որ Հայ Գիրքն ալ անծանօթ չէ Յովսէփ Նալպանտեանին։ Ան եղած է ու կը մնայ դաստիարակ՝ սեղմ ու լայն իմաստներով. իր լոյս ընծայած «Լոյս» վեցհատորեակը ունի հանրագիտարանային տարողութիւն եւ օգտաշատ գիտելիքներ կը բաշխէ պատանիին թէ երէցին։ Ան յաճախակի ներկայութիւն է նաեւ մեր մամուլին մէջ, ուր անոր գրիչը ի սպաս կը դրուի մեր գիրին, մշակոյթին ու կրթական հարցերու, նաեւ յարակից կալուածներու։ Անոր գործը ամէն բանէ առաջ փաստ է հայութեամբ ու անոր արժէքներով ապրող, անոնցմէ ներշնչում եւ ՇՈՒՆՉ առնող հայորդիի մը, հոգիէն ու էութենէն յորդող հայկականութեան։
Վերջերս, այսինքն՝ 2011ը առաջին քառորդը բոլորելէն առաջ, Յովսէփ Նալպանտեան լոյս ընծայեց նոր հատոր մը, որ կրկնակի իմաստով հազուադէպ երեւոյթ է։ Նախ՝ իր ընդգրկած նիւթերով, ապա նաեւ այն առումով, որ հատորը մէկ կողքի տակ մը բերէ երկու գիրք. «Ամերիկահայ Գիրքի Պատմութիւն» եւ «Հայկական Բառարաններու Համառօտ Պատմութիւն»։ Այլ խօսքով, այս հատորը պէտք է ընկալել իբրեւ երկու տարբեր գիրքեր, որոնք իրարու նման են այն առումով, որ գիրքերու ցանկագրում են Այբուբենական շարքով։
Առաջին գիրքի մասին իր բացատրականին մէջ, հեղինակը կը յայտնէ, թէ հատորը արդիւնք է շուրջ երեք տարուան աշխատանքի։ Նախաբանի փոխարէն խօսք մը ունի հայրենի ծանօթ մտաւորական եւ գրականագէտ փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան, որուն հատորին մասին գնահատականը պերճախօս է։ Ան կը դրուատէ հեղինակը, որ մօտաւորապէս հազար հեղինակէ շուրջ 1200 անուն գիրք «պեղած» է եւ ցանկագրած, իւրաքանչիւրին մասին տալով հակիրճ բացատրութիւններ։
Ցանկագրուած գիրքերը մեծ մասամբ Ամերիկայի մէջ լոյս տեսած գիրքեր են, սկսելով 1858էն ու հասնելով մինչեւ մեր օրերը՝ 2011։ Ըստ կարելւոյն, արձանագրուած են հեղինակներու ծննդեան ու մահուան թուականները, հրատարակչատուներն ու վայրերը։ Բնականաբար, 172 էջնոց հատորը կը զգենու վաւերագրական արժէք, ու հետաքրքիր ընթերցողին համար դիւրին «պեղում» կատարելու առիթ կ՛ընծայէ։ Աւելին, հատորը աղուոր յուշարար մըն է հայ գիրքի նուիրեալներու դարաւոր արգասիքին, եւ ընթերցողին աչքերուն առջեւ կը պատկերէ այն ծաւալուն աշխատանքը, զոր իրագործած են հեղինակներ ու հրատարակիչներ, անհատ թէ հաստատութիւն։
Նոյնքան եւ աւելի ուշագրաւ է երկրորդ հատորը՝ բառարաններու ցուցակը, ընդամէնը 72 էջերու վրայ։ Այս բաժինը ձօն մըն է հայ գիրքի հրատարակման 500ամեակին, եւ կ՛ընդգրկէ աւելի քան 500 անուն բառարան (ուշագրաւ զուգադիպութիւն թիւի), որոնք հրատարակուած են 17րդ դարէն մինչեւ 2010 թուական։ Հատորը ունի ներքին բաժանում մը. նախ ցանկագրուած են Հայաստանի մէջ լոյս ընծայուած բառարանները, իսկ երկրորդ բաժինը կ՛ընդգրկէ Սփիւռքի մէջ պատրաստուած բառարաններուն ցանկը։ Իր բացատրականին մէջ, հեղինակը լռելեայն կերպով երախտիք կ՛արտայայտէ բոլոր անոնց, որոնք այս կալուածին մէջ ներդրում ունեցած են եւ կը բացատրէ, թէ բառարաններու մասին իր սէրը ծնած է ու զարգացած՝ մանկուց, երբ հազիւ 8 տարեկան մանուկ՝ իր ձեռքին ունեցած է Հալէպ հրատարակուած առաջին բառարանը։
Ուշագրաւ ու շահեկան բաժին մը կայ այս հատորը բացող էջերուն մէջ։ Հեղինակը կարճ մէջբերումներ քաղած է ամէնէն հին բառարաններէն, ուր ոգի փոխանցող արտայայտութիւններ կան բառարանագիր երախտաւորներէ, անոնք ըլլան Մխիթարեան միաբանութեան անդամներ թէ հայրենի անուանի մտաւորականներ։ Հոս եւս, փոխան յառաջաբանի, գնահատական էջ մը ունի հայրենի մտաւորական Յովիկ Եղոյեան։
Հատորները ունին յատուկ անուններու ցանկեր, օգտագործուած աղբիւրներու ցուցակներ, ինչպէս նաեւ գիրքերը դիւրութեամբ օգտագործելու ցուցմունքներ (սղագրութեանց վերաբերող բացատրականներ եւայլն)։ Հեղինակը չի մոռնար շնորհակալութիւն յայտնելու հատորներու պատրաստութեան մէջ իրեն աջակցողներուն ու զօրակցողներուն։ Աւարտին, կայ նաեւ իր հրատարակած հատորներուն ցանկը։
Հատորը այնպիսի գիրք մը չէ, որ ընթերցողը զայն ձեռք առնէ վէպ, բանաստեղծութիւն կամ թատրոն կարդալու մօտեցումով, այլ՝ իբրեւ իրեն նման ընթերցումներու առաջնորդող աղբիւր։ Առաջին ակնարկով, ընթերցողը կրնայ ունենալ այն տպաւորութիւնը, թէ կատարուածը «մեքենական աշխատանք» է։ Սակայն պէտք չէ մտահան ընել, թէ անիկա արդիւնք է սպառիչ եւ երկարաշունչ աշխատանքի, յաճախ մաշում պատճառող հետապնդումներու. այսուամենայնիւ, հեղինակն ու ընթերցողները տեղ մը զիրար կը գտնեն նոյն հասարակ յայտարարին վրայ. հատորը վկայութիւն մըն է Հայ Գիրքին ու անոր անժամանցելի արժէքին մասին, նաեւ լռելեայն հակադարձութիւն մը այն «տրամաբանութեան», թէ գիրք ըսուածը ժամանակավրէպ է այսօր։
Յ. Նալպանտեան կ՛ընդունի, թէ նման հրատարակութիւններ անպայման որ պիտի ունենան թերութիւններ, կրնան դուրս մնացած ըլլալ հեղինակներ ու գիրքեր, եւ կոչ կ՛ընէ ընթերցողներուն, որ իրեն յիշեցումներ կատարեն ակամայ բացթողումներու մասին, որպէսզի յաջորդ տպագրութեան համար հատորը ըլլայ աւելի ամբողջական։
Իբրեւ կարեւոր այլ արժանիք, նշենք, որ հատորը Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ է։