ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Հակառակ այն իրողութեան, որ առաջին անդրադարձով կրնայ վայել չթուիլ նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ՝ իրմէ աւելի տարեցներուն ուղղուած «չափահասի պէս վարուելու» կոչը, նախագահին եւ ընդդիմադիր հանրապետականներուն միջեւ տարակարծութեանց արագ քննարկումն իսկ բաւարար է հասնելու այն եզրակացութեան, որ առնուազն այս հարցին մէջ նախագահը իր «չափը գիտէ»: Ամիսներէ ի վեր, մէկ կողմէ Քոնկրեսի հանրապետական ընդդիմութիւնը, իսկ միւս կողմէ՝ նախագահն ու դեմոկրատ քոնկրեսականները, կը վիճին քանի մը տասնեակ միլիառ տոլարի շուրջ, որուն հետեւանքով արդէն իսկ իր կէսին հասած 2010-2011 տարեշրջանի պետական ամավարկը կարելի չէ եղած վաւերացնել: Ներկայացուցիչներու տան մէջ իրենց ապահոված մեծամասնութեամբ աւելի արմատականացած հանրապետականները, երկրի բազմաթիւ այլ հարցեր անտեսելով՝ ելած են անիմաստ պայքարի մը, որուն հետեւանքով, կառավարութեան գործունէութեան մէկ մասը կրնայ կասեցուիլ Ուրբաթ, Ապրիլ 8ին, երբ երկու շաբաթ առաջ վաւերացուած վերջին ժամանակաւոր ամավարկին գումարները պիտի սպառին: Կողմերուն դիրքերը իրարու քով բերելու Օպամայի մէկ փորձը չյաջողեցաւ. բանակցութիւնները կը շարունակուին:
Հանրապետականներուն չափի գիտակցութիւնը անգամ մը եւս կասկածի տակ առաւ Ներկայացուցիչներու տան ամավարկի յանձնախումբի ատենապետ Փօլ Ռայընը (տխրահռչակ դարձած Ուիսքանսընէն), որ Երեքշաբթի օր առաջադրեց յառաջիկայ տարեշրջանին սկսիլ առողջապահական մարզի «Մետիքէր» ու «Մետիքէյտ» ծրագիրներու արմատական կրճատումներուն, որոնց «շնորհիւ» յառաջիկայ տասնամեակին կարելի պիտի ըլլայ գրեթէ 6 եռիլիոն տոլար խնայել: Ինքզինք իբրեւ պետական հսկայ պարտքով մտահոգ ներկայացնող Ռայըն երկրին բոլոր հարցերը որոշած է «մէկ փամփուշտով» լուծել, մերժելով քննել այլ ծրագիրներէ եւ յատկապէս ռազմական որոլտին տրամադրուող հսկայ գումարներէն կրճատումեր կատարելու, կամ տուրքերը բարձրացնելու կարելիութիւնները: