
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «ՓանԱրմինիըն».- IBF, WBC, WBA վարկածներով նախկին ախոյեան, թեթեւագոյն կշիռքի կարգի բռնցքամարտիկ Վիգ Դարչինեան յայտնած է, որ IBF վարկածով նախկին ախոյեան քոլոմպիացի Եոննի Փերեսին պիտի յաղթէ «նոքաութ»ով: Թեթեւագոյն կարգի մենամարտը պիտի կայանայ Ապրիլ 24ին, Լոս Անճելըսի «Նոքիա» սրահին մէջ:
«Մարզումները շատ լաւ են անցել, եւ ես համոզուած եմ, որ «նոքաութ»ի եմ ենթարկելու Փերեսին: Ես չեմ ուզում մենամարտի ելքը յանձնել մրցավարներին: Ես զգում եմ, որ հիմա աւելի ուժեղ եմ, քան երբեւէ», Դարչինեանի խօսքերը կը հաղորդէ fightnews.com կայքը:
Մրցաշարի երկրորդ մենամարտին պիտի հանդիպին IBF վարկածով ախոյեան Ժոզէֆ Աքպեկօ եւ Ապներ Մարես: