ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Սուրբերու կեանքի վերջալոյսին, կամ նահատակութեան նուիրուած կ՛ըլլան առհասարակ անոնց տօները, եւ տարուան տարբեր օրերուն կը տօնուին մեր եկեղեցական օրացոյցին հետեւողութեամբ: Անոնց մէջէն իր տեսակով կ՛առանձնանայ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի «Մուտն ի Վիրապ»ի տօնը, որ նոյն տարուան մէջ առանձնաբար կատարուող «Ելն ի վիրապէն» տօնին հետ, մեր ազգային-կրօնական կեանքին արշալոյսը կը նշէ: Սուրբի նահատակութեան տօն չէ՛ ասիկա, այլ՝ անոր կենդանի նահատակութեամբ սկսած նո՛ր պատմութեան տօնը, նո՛ր էջով:
Սուրբ Լուսաւորչին հանդէպ մեր ժողովուրդին կողմէ կատարուած յարգանքի բացառիկ արտայայտութիւններէն մէկն ալ, անոր մասունքներուն ընծայուած պատիւն է: Իսկ մասունքներուն մէջէն առանձնայատուկ գուրգուրանքի արժանացած է աջ ձեռքին նշխարը, աջաձեւ մասնատուփի մէջ ամփոփուելով:
Մեր եկեղեցական պատմութեան շղթան իրարու ագուցող ու ամրացնող օղակն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին Աջը, որ նուիրականացուցած է մեր եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը յաչս բարեպաշտ ժողովրդեան: Մեր մատենագիրները եկեղեցւոյ պատմութեան տարբեր անցքերը մագաղաթին յանձնած ժամանակ, անպայման անդրադարձած են այն սրբազան մասնատուփին՝ Ս. Լուսաւորչի Աջին, որ Հայրապետական Աթոռին եւ եկեղեցական գերագոյն իշխանութեան հետ տեղափոխուած է քաղաքէ քաղաք: Աջով, Լուսաւորիչ Ս. Հայրապետին ոգեղէն բայց շօշափելի ներկայութիւնն էր որ կը տարուէր հոն՝ ուր իր նոր նստավայրը կը դարձնէր Հայոց Հայրապետը:
Պատմութեան խոր մթութեան մէջ թաքնուած կը մնայ թէ Ս. Լուսաւորչի Աջով քանի՜ քանի՜ անգամներ Միւռոնօրհնութիւն կատարած են հայոց հայրապետներ, մեր ժողովուրդի հաւատքը բուրումնաւէտելով: Իսկ կարելի՞ է պատկերացնել թէ իրերայաջորդ դարաշրջաններուն օրհնուած Սրբալոյս Միւռոններուն անուշաբոյր բալասանին մէջ թաթխուելով, ոսկեպատ Աջը ինչքա՜ն քաղցրաբոյր դարձած է ցարդ: Այդ բոյրն է ահա, որ ամէն տարի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի «Մուտն ի Վիրապ»ի տօնին կը լեցնէ ե՛ւ Անթիլիասի Մայրավանքը, ե՛ւ մեր հոգիները, ե՛ւ մեր սփիւռքեան ցանուցրիւ կեանքը, երբ վեհարանի գանձարկղէն դուրս կու գայ Սուրբ Աջը, ու կÿալեկոծի ժողովուրդին դէպի իրեն ձգտող բազուկներու ըղձական ալիքներուն վրայ: Ովկիանոսի միօրինակ կապոյտին մէջ իշխանաբար ջուրերը ճեղքող անընկղմելիի նման կÿընթանայ անիկա Հայոց Վեհափառին ձեռքերուն մէջ ամուր բռնուած:
Մեր հարուստ պատմութեան ընթացքին, իր կարեւորութեան բերումով յաճախ յափշտակուած, սուլթաններէ գերեվարուած, բռնատէրներու կողմէ պատանդ վերցուած, ծանր հարկերու դիմաց երաշխիք տրուած, ծախուած ու հայ կղերին ջանքով վերստին գնուած, դաւադիրներէ անյայտացած ու հրաշքով դարձեալ յայտնուած մե՜ծ սրբութիւն է Աջը: Հայ ժողովուրդին հետ աքսոր տեսած ըլլալու եւ վերապրելու իր հանգամանքովը, առաւել յարգանքի արժանացաւ անիկա, խլեակներէն յառնելով վերապրած մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ: Այս սրբազան զգացումի ծարաւին յագուրդ տուած ըլլալու համար, վշտակիր հովուապետը՝ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոս 13 Մարտ 1932ին «Ուխտի Օր»ը հաստատեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին համար, երբ ժողովուրդը առիթ պիտի ունենար համբուրելու իր Հաւատոյ Հօր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը:
Անթիլիասի մէջ, տակաւին թիթեղածածկ եկեղեցւոյ երդիքին տակ մատուցուած Ս. Պատարագը, ու ապա Ցեղասպանութենէն ճողոպրած Աջին ու այլ մասունքներուն թափօրը, գլխաւորութեամբ ծերունազարդ Սահակ Բ. վեհափառին, վստահաբար առատահոս արցունքներ հոսեցուցին ջարդուած ժողովուրդի անմեռ զաւակներուն աչքերէն: «Ուխտի Օր», որ սակայն վերականգնումի խորհրդանիշ դարձաւ:
Հայոց Ցեղասպանութենէն վերընձիւղուած հայութեան համար առօրեայ թարմ հացի անհրաժեշտութիւն նկատուող Կիլիկեան Սուրբ Աթոռը Անթիլիասի իր նոր կայքին մէջ, հաւատքի ամրոց դարձաւ ո՛չ միայն սփոփելու թրքական ջարդէն լլկուած քրիստոնէական մեր սիրտը, այլ նաեւ՝ ամոքելու վարկաբերկուած ազգային արժանապատուութեան մեր վիշտը:
Ո՞վ կրնար դարմանել սակայն այն ցաւը, կամ ո՞վ կրնար բուժել այն վէրքը, որ բացուած էր մեր հաւաքական սրտին վրայ: Նախապէս հիւանդացած բժիշկը աւելի լա՛ւ դարման կրնայ բերել իրեն այցելող հիւանդին: Բժշկապետ Յիսուսի չարչարանքներուն բաժնեկից Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը պատահական զուգադիպութեամբ մեր ազգին մեծագոյն սուրբը չդարձաւ: Այլ՝ իր այն չարչարանքներո՛ւն նմանութեամբ որոնց ենթարկուեցաւ ժողովուրդ մը ամբողջ, տառապանքի նոյն ճամբէն քալելով: Ս. Լուսաւորիչը գիտէ՛ թէ ինչ կը նշանակէ սովամահ տանջուիլ հորերու եւ զեռուններով լեցուն քարայրներու մէջ: Ս. Լուսաւորիչը կը զգայ տառապանքը նալուած ոտքերով պարտադիր քայլուածքին, կը հասկնայ ցաւը՝ հալած կապարներով, բիրերով ու սուրերով տանջուելուն: Ահա թէ ինչո՛ւ ան դարձաւ «մե՛ր Սուրբը», մեր բարեխօ՛սը Աստուծոյ դիմաց:
Հրաշքներու կատարումը եթէ շօշափելի փաստ կը նկատուի սրբութեան, ապա ուրեմն սրբութեան սրբութիւնն է Սուրբ Լուսաւորչի Աջը: Անոր միջոցաւ կատարուած հրաշքները, անով նուիրագործուած Սրբալոյս Միւռոնով դրոշմուած նորածին կեանքերն ու հոգեւոր ծառայութեան կոչուած սրտերը, մինչեւ իսկ անով օրհնուած ջուրէն ումպ մը առնելով տեղի ունեցած բժշկութիւնները, ցայսօր զայն դարձուցած են մեր ժողովուրդի հաւատքին գլխաւոր առարկաներէն մէկը:
Ուխտի Օրը, սովորական տօնակատարութեան մասնակցելու չի՛ գար մեր բարեպաշտ ժողովուրդը, այլ Աջին բոյրի՜ն կու գայ ան: Ի՜նչ գեղեցիկ զուգորդութիւն կայ այս տօնին ու միւռոնի բոյրին միջեւ: Անոնք ընդելուզուած են իրարու: Ս. Լուսաւորչի Աջին հպող, եւ համբոյրով անոր օրհնութիւնը ստացող շրթները հաւատացեալին, դարերու ընթացքին անոր պատեանին վրայ խորանարդուած Սուրբ Միւռոնին զգլխիչ բո՜յրով կը լիանան: Վստահաբար անոր վրայ կայ մասնիկը այն ազնիւ իւղին, որ մեղաւոր կնոջ կողմէ Յիսուսի ոտքերուն թափուեցաւ, որուն մնացորդը առաքեալներուն կողմէ Հայաստան բերուեցաւ, եւ Ս. Լուսաւորիչ իբրեւ հիմք օգտագործեց իր պատրաստած առաջին Միւռոնին: Տակաւին, բարեպաշտ ժողովուրդը աջաբո՜յր այս տօնին կու գայ մասնակցելու, որովհետեւ գիտէ որ Ս. Լուսաւորիչը մեզ լսո՛ղ Սուրբն է, մեզի համար բարեխօսո՛ղ Սուրբն է, մեր պաշտպա՛ն Սուրբն է, մեզի ապաւէ՛ն եղող Սուրբն է, մեզի հարազա՛տ Սուրբ է, վերջապէս մե՛ր Սուրբն է:
«Մուտն ի Վիրապ»ին՝ Ուխտի Օրը, Անթիլիասի մայրավանքը աջաբոյր տօնը կը դառնայ հայութեան վերածնած կեանքին: Մեծ թէ փոքր, երիտասարդ թէ տարեց, իրենց աչքերը յառած կը պահեն լուսաշող Աջին, մէկ բուռ օրհնութիւն ե՛ւս առնելու անկէ եւ տանելու զայն իրենց կեանքին:
Ուխտի Օրը, մեր հայու ինքնութեան հաւատարմութիւն ուխտելու, մեր հաւատքին համաձայն՝ աղօթքով բժշկուելու եւ Սուրբ Աջին բոյրո՜վ արբենալու տօնն է: