ԼԻՈՒՊԼԻԱՆԱ.- Սլովենիոյ նախագահ Տանիլօ Թիրքի հրաւէրով, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Ապրիլ 13ին պաշտօնական այցով մեկնած է Լիուպլիանա, ուր տեղի ունեցած է երկու նախագահներուն առանձնազրոյցը, որուն յաջորդած է երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն ընդլայնուած կազմով հանդիպումը: Բանակցութիւններուն արդիւնքները ամփոփուած են Հայաստանի եւ Սլովենիոյ նախագահներու համատեղ ասուլիսին ընթացքին:
Սերժ Սարգսեան յայտնած է, թէ ինք բարի նախանձով հետեւած է Սլովենիոյ նախագահ Տանիլօ Թիրքի՝ վերջերս ըրած յայտարարութեան, ըստ որուն, Խրուաթիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը ունի մեծ կարեւորութիւն ոչ միայն Խրուաթիոյ, այլեւ Սլովենիոյ եւ առհասարակ ամբողջ եւրոպական տարածաշրջանին համար: Ան յայտնած է, թէ երկու հարեւան երկիրները ունեցած են լուրջ լարուածութիւն, սակայն կրցած են վեր կանգնիլ կաղապարուած մտածելակերպէն եւ խնդիրները լուծել քաղաքակիրթ, բանակցային ճանապարհով՝ հաշուի առնելով ընդհանուր տարածաշրջանային շահը:
«Ցաւօք, մեր տարածաշրջանում իրադրութիւնը մի փոքր այլ է: Եւրաինտեգրման ուղին, փաստօրէն, ոչ բոլորի պատկերացմամբ է համընկնում խաղաղ, բարեկեցիկ, ազատ ու անվտանգ զարգացման հետ: Մեր անմիջական հարեւանը թիւր ըմբռնեց եւրոպական ուղին՝ եւրոպական տարածաշրջանը դիտելով միայն որպէս նաւթի ու կազի համար յարմար շուկայ: Յիրաւի զաւեշտական է, երբ եւրոպական ուղին որդեգրած մեր հարեւանը սպառնում է հարուածել հայկական քաղաքացիական օդանաւերին, ամէնօրեայ ռազմատենչ քարոզչութիւն է իրականացնում եւ սպառնում ղարաբաղեան հարցը լուծել պատերազմով: Մեր միւս հարեւանը՝ Թուրքիան, որ դարձեալ ձգտում է դէպի Եւրոպա, չի ուզում բացել Հայաստանի սահմանը, թէեւ միջազգային պարտաւորութիւն է ստանձնել: Արդեօ՞ք անտեղեակ են մեր հարեւանները, որ Եւրոպայի արժեհամակարգի առանցքն ազատ տեղաշարժն է», ըսած է Հայաստանի նախագահը եւ ընդգծած, թէ այդ բոլորով հանդերձ, տարածաշրջանային ոչ մէկ զարգացում ի զօրու է Հայաստանը ետ պահելու իր ընտրած ուղիէն:
«Հայաստանը հաստատակամ է ընդլայնել համագործակցութիւնը Եւրոպական միութեան ու նրա անդամ երկրների հետ, յատկապէս՝ Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներում», ընդգծած է Սերժ Սարգսեան:
Սլովենիոյ նախագահը, իր կարգին, Հայաստանի հետ Եւրոմիութեան ծիրէն ներս համագործակցութիւնը դրական համարած է: «Մենք կը գիտակցինք, թէ որքա՛ն կարեւոր է քաղաքական հիմնախնդիրները միասին լուծելը. անոր վրայ հիմնուած են միջազգային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը: Սլովենիան կը սատարէ Մինսկի խումբի ջանքերը՝ կարգաւորելու ԼՂ հակամարտութիւնը, որ Եւրոպայի հակամարտութուններուն մէջ ամենաերկարատեւներէն է», նշած է նախագահ Տանիլօ Թիրք:
Զանգուածային լրատուամիջոցներու հետ կայացած հանդիպումէն ետք, երկու երկիրներու նախագահներու ներկայութեամբ կայացած է փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն: