
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Լարք» երաժշտանոցի պատասխանատուներուն կողմէ 2005ին սկսած «Դիլիջան» համերգաշարին 2010-2011 տարեշրջանի վեցերորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 17ին, կ.ե. ժամ 3ին, դարձեալ Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Զիփըր» սրահին մէջ (200 S. Grand Ave.) եւ այս անգամ նուիրուած պիտի ըլլայ Հայկական Ցեղասպանութեան:
Ձեռնարկին ընթացքին պիտի ներկայացուի Պեթհովենի կեանքի վերջին շրջանին գրուած գլուխ գոծոցներէն լարային քառեակը (Op. 132), կատարողութեամբ Լոս Անճելըսի ֆիլհարմոնիքի երկու գլխաւոր նուագողներէն՝ Քերի Տենիսի (ջութակ) ու Փիթըր Սթամֆի (թաւջութակ), ինչպէս նաեւ ջութակահարներ Վարդի Մանուէլեանի ու Մովսէս Պօղոսեանի:
Ելոյթներ պիտի ունենան նաեւ սոփրանօ Շուշիկ Պարսումեան, դաշնակահար Սթեֆան Մէյնզ ու ջութակահար Արուսեակ Պալթայեան՝ ներկայացնելով Վոն Ուիլեըմզէն, Ալեքսանտր Յարութիւնեանէն ու Ըրնեսթ Շոսոնէն ստեղագործութիւններ:
Ձեռնարկին ընթացքին նաեւ պիտի բացայայտուի «Դիլիջան» համերգաշարին 2011-2012 տարեշրջանին յայտագիրը:
Ապրիլ 17ի ձեռնարկին տոմսերը ապահովելու համար, դիմել (818) 572-5438 թիւին կամ այցելել http://dilijan.larkmusicalsociety.com/tickets.php կայքէջը: Տոմսերուն գինը 20էն 35 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 15 տոլար: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել dilijan.larkmusicalsociety.com կայքը: