Աւանդութիւն դարձած է, որ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկային շրջանային վարչութեան շաբաթօրեայ վարժարաններու յանձնախումբը, տարեկան իր ծրագիրին մէջ անպայման Շաբաթօրեաներու աշակերտներով գեղարուեստական ձեռնարկ մը հրամցնէ հանրութեան, ինչ որ կը միտի ոչ միայն արմատացնել եւ հաստատ պահել միջվարժարանային աշակերտական կապը, այլ նաեւ հայ մատղաշ սերունդին ծանօթացնել ՀՕՄն ու իր առաքելութիւնը:
Այս տարի, մեկնելով Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2011ը իբրեւ «Մանուկներու տարի» հռչակումէն՝ Շաբաթ, Ապրիլ 2ին, Կլենտէյլի Իրաքահայ միութեան կեդրոնէն ներս, կազմակերպութեամբ ՀՕՄի Շրջ. վարչութեան դաստիարակչական եւ շաբաթօրեայ վարժարաններու յանձնախումբերուն, տեղի ունեցաւ նման ձեռնարկ մը, որուն, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջ. վարչութեան անդամուհիներէն Սոնա Մատարեանի եւ Սեդա Յակոբեանի կողքին, ներկայ էին ՀՕՄի Շրջ. վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետուհի Աստղիկ Շիթիլեանն ու շաբաթօրեայ վարժարաններու յանձնախումբի պատասխանատու Սոնա Գիզիրեանը, ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի «Սիփան», «Նայիրի», «Սեւան», «Մայր», «Անահիտ», «Սօսէ», «Մեղրի» եւ «Թալին» մասնաճիւղերու շաբաթօրեայ վարժարաններու տնօրէնները, ուսուցչական կազմերն ու պատասխանատուները, յայտագիրին մասնակից աշակերտները, ծնողներն ու ՀՕՄուհիները եւ աւելի քան 150 հոգի: Սրահը նեղ կու գար ծնողներուն, ՀՕՄուհիներուն եւ ներկաներուն համար:
Արտադպրոցական այս ձեռնարկին իբրեւ գլխաւոր բանախօս հրաւիրուած էր հանրածանօթ ու սիրուած արուեստագիտուհի Արաքսիա Վարդերեսեանը, որպէսզի ներկայացնելէ մեր դարաւոր մշակոյթի երանգները:
Յանուն շաբաթօրեայ վարժարաններու յանձնախումբին, հանդիսավար Գէորգ Պետիկեան, բարի գալուստի ու շնորհակալութեան խօսքերէն ետք, ներկայացուց յայտագիրը եւ ապա շեշտեց, թէ ՀՕՄը միշտ առաջնահերթ տեղ տուած է մեր մատղաշ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան ծրագիրին, մարդասիրական իր աշխատանքներուն կողքին: Ապա ան հրաւիրեց Աստղիկ Շիթիլեանը, որ իբրեւ յառաջաբան անդրադարձաւ այս տարուան անուանման եւ անոր շուրջ ստեղծուած խորհուրդին ու թելադրանքին:
«Այս տարին առիթ կ՛ընծայէ մեզի, որ աւելի մօտէն խոկանք մեր մանուկներուն մասին, որովհետեւ այդ մանուկներն են, որոնք տարիներ ետք պիտի ըլլան մեր ժողովուրդի ապագան» ըսաւ ան ու շեշտեց հայ մանուկին ազգային եւ մարդկային առողջ դաստիարակութեան կարեւորութիւնը ու անոր նկարագիրը ազնիւ գիծերով եւ ազգասիրութեամբ հարստացնելու էականութիւնը:
«Կարեւոր է նաեւ մեր մանուկները ազգային մեր արմատներուն կապելը եւ անոնց մօտ զարգացնել հայութեան պատկանելիութիւնը», ամբողջացուց դասախօսը:
Ապա յաջորդական կերպով բեմ հրաւիրուեցան շաբաթօրեայի աշակերտները: Աշակերտներու իւրաքանչիւր ներկայացումէ ետք, հիւր արուեսետագիտուհի Արաքսիա Վարդերեսեան զանազան օրինակներով իր խօսքերը համեմելով, ներկայացուց մեր մշակոյթին տարբեր երեսները: Ան նաեւ յիշեց, թէ Ամերիկայի տարածքին, գրեթէ բոլոր հայահոծ քաղաքներէն ներս, ի գին ՀՕՄուհիներու անսակարկ զոհողութիւններուն, կեանքի կոչուած են շաբաթօրեայ վարժարաններ, հայապահպանման եւ ազգապահպանման նուիրական գործին ու ծառայութեան համար: «Շաբաթօրեայ դպրոց յաճախող մեր երկսեռ փոքրերը, ՀՕՄի այս համեստ դպրոցներուն մէջ հայեցի կրթութեան կողքին, կը սորվին նաեւ մայրենի լեզուն ու հայոց պատմութիւնը, հայերէն երգերն ու պարերը, ու այս ձեւով հայրենիքէն հեռու, իրենց սրտերուն մէջ մէկական հայրենիքներ կը կառուցեն», ըսաւ ան ու շեշտեց, թէ ներկայի հայ մանուկը ապագայի մեր ազգին պաշտպանն ու ղեկավարը պիտի դառնայ, կորով ու յարատեւութիւն մաղթելով բոլորին:
Գեղարուեստական յայտագիր-ձեռնարկը սկսաւ արտասանութիւններով: «Սօսէ» մասնաճիւղէն Դաւիթ Պաղտատեան, Անի Պօղոսեան եւ Լարա Հօրհօր միասին արտասանեցին «Հայ կ՛ըսեն մեզի»ն: Իսկ «Սեւան» մասնաճիւղի աշակերտները հրամցուցին «Ես իմ անուշ Հայաստանի»ն, ինչպէս նաեւ խմբերգ մը, որուն յաջորդեց «Անահիտ» մասնաճիւղի աշակերտուհիներէն Էմըլի Բրուտեանի կատարողութեամբ «Մայրենի լեզու» արտասանութիւնը:
Ապա, «Մեղրի» մասնաճիւղի փոքր տարիքի աշակերտուհիները մանկական թոթովանքով ներկայացուցին գարնան ծաղիկներու տեսարանները՝ կենդանի պատկերով մը, որմէ ետք «Անահիտ» մասնաճիւղէն Քրիստին Տօնեան դաշնակի վրայ հրամցուց գեղեցիկ երաժշտական կտոր մը:
«Նայիրի» մասնաճիւղէն, հայկական աղջիկներու տարազներով երեք աշակերտուհիներ՝ ղեկավարութեամբ պարուսոյց Վարդան Գէորգեանի, հրամցուցին հայկական նազ-պար մը, իսկ «Մայր» մասնաճիւղը յատուկ տարազներով ներկայացուց հայոց պատմութեան նշանաւոր քաջերէն ու թագաւորներէն՝ Սասունցի Դաւիթէն մինչեւ Հայկ Նահապետ, Տիգրան Բ.էն մինչեւ Վարդան Մամիկոնեան, միաժամանակ արտասանելով ու երգելով՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ ուսուցչուհի Լիզա Էքմէքճեանի:
«Թալին» մասնաճիւղը հրամցուց իրենց տարիներու տնօրէն եւ ուսուցիչ Գէորգ Պետիկեանի պատրաստած «Հայ քերականութեան անդամները» անունով աշակերտական կարճ թատերախաղը, որուն ընթացքին աշակերտները ներկայացուցին անունն ու յօդը, ածականն ու դերանունը եւ բայը յատուկ ոճով ու կատակներով: Այս խաղին իրենց մասնակցութիւնը բերին Սելլա եւ Գարոլ Մարգարեաններ, Մարք եւ Անտրու Անսըլներ, Տիմիթրի Պետոյեան, Նանօր Սըվաճեան, Քրիս Սրապեան եւ Սարգիս Դերձակեան:
«Անահիտ» մասնաճիւղը, դաշանակի ընկերակցութեամբ հանրայայտ խմբավար Ալֆրէտ Մարտոյեանի, յաջորդաբար ներկայացուց «æան հայրենիք», «Մենք հայեր ենք» եւ «Մենք զինուորներ» երգերը, որմէ ետք «Սիփան» մասնաճիւղը հրամցուց «Մենք մանուկներ», «Հայաստան» եւ «Միասնութեան» երգերը՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիոն Թովմասեանի:
Օրուան յայտագիրին հաւաքական ապրումներերուն ու խանդավառ զգացումներուն իբրեւ հարազատ թելադրանք ու արդիւնք, հետաքրքրական էր տեսնել սրահի ներկաներուն բարձրաձայն մասնակցութիւնը հրամցուած արտասանութիւններուն եւ երգերուն, եւ ապա անոնց ջերմ եւ երկարատեւ ծափողջիւնները: Գուրգուրանք, գիտակցութիւն եւ հայկականութեամբ լեցուն մթնոլորտ մըն էր, որ տիրած էր սրահէն ներս՝ հպարտութեամբ լեցնելով հայու հոգին ու միտքը, միաժամանակ ցոյց տալով հայ վարժարանի հանդէպ անոր սէրն եւ յարգանքը:
Յայտագիրի աւարտին, սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Սոնա Գիզիրեան, որ մեծապէս գնահատեց վարժարաններու պատասխանատուներուն տարած աշխատանքները: Ան դրուատեց յայտագիրին մասնակից բոլոր աշակերտներուն ելոյթները ու խանդավառ եւ կուռ լեզուով, հայ ժողովուրդը նմանցուց հաստափոր ծառի մը, սկսելով անոր արմատներէն, հասնելով մինչեւ ճիւղերն ու տերեւները եւ պտուղները, զանոնք նմանցնելով հայ ծնողքին, աշակերտին, մանուկին եւ հայու փայլուն ապագային: Ան աշակերտներուն ուղղելով իր խօսքը՝ վեր առաւ իրենց ուսուցիչ-ուսուցիչուհիներուն եւ ծնողներուն մեծ զոհաբերութիւնները, ապա մեծապէս գնահատեց աշակերտներուն հայերէնի գործածութիւնը՝ շեշտելով զայն սորվելու, միշտ հայերէնով զրուցելու անհրաժեշտութիւնը: Ան շնորհաւորեց դասատուներն ու շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբին, օրուան հանդիսավարին եւ բոլորին՝ իրենց մասնակցութեան համար:
Առ ի գնահատանք, շրջանային վարչութիւնը æաւախքի նուիրուած հատորը շնորհեց օրուան հիւր արուսետագիտուհի Արաքսիա Վարդերեսեանին:
Ձեռնարկը փակուեցաւ փոքրիկն Սեւան Պարտաքճեանի կատարողութեամբ «Կիլիկիա» երգով, որմէ ետք ներկաները հիւրասիրուեցան:
(Թղթակցութիւն՝ Շաբաթօրեայ վարժարաններու յանձնախումբէն)