ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իրանը ամբաստանեց Սուրիոյ մէջ ցոյցերը ճնշելու համար Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի օժանդակելուն մէջ։ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, իր կարգին, Ուրբաթ, Ապրիլ 15ին անմիջապէս հերքեց այդ լուրը՝ կոչ ընելով Ուաշինկթընի, որ նախքան նման ամբաստանութիւններ ընելը՝ փաստեր հրապարակէ:
Յայտնեք, թէ Ուրբաթ օր հազարաւոր քաղաքացիներ Դամասկոսի Տումա շրջանին մէջ կատարծ են բողոքի ցոյց մը, որուն հետեւանքով բախումներ ունեցած են ոստիկաններու հետ: Զոհեր չեն արձանագրուած: Այլ քաղաքներու մէջ ցոյցերը սովորաբար խաղաղ եղած են: