ՊԵՆԿԱԶԻ, «Ռոյթըրզ».- Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները Ուրբաթ, Ապրիլ 15ին խոստացան Լիպիոյ մէջ իրենց զինուորական գործողութիւնները շարունակել, մինչեւ որ Քազաֆի հեռանայ իշխանութենէն: Ատլանտեանի երկու ափերուն վրայ լոյս տեսած միացեալ յօդուածի մը մէջ, երեք երկիրներու ղեկավարները գրած են, թէ Քազաֆին իշխանութեան վրայ ձգելը լիպիացի ժողովուրդին «անխիղճ դաւաճանութիւն» մը պիտի ըլլայ։
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Ֆրանսա եւ Բրիտանիա կ՛ուզեն օդային հարուածներուն թիրախները ընդլայնելով՝ ներառել Քազաֆիի ուժերուն ղեկավարման կեդրոնները։
Մինչ դաշնակիցները կը դատապարտէին Միսրաթայի շրջափակումը, Քազաֆիի ուժերը Ուրբաթ օր շարունակեցին քաղաքը ծանր ռմբակոծումի ենթարկել։