– Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Ապրիլ 14ին ընդունեց վարչապետ նշանակուած Նեժիպ Միքաթին, անոր հետ քննելով կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, Միքաթի ըսաւ. «Կը փափաքէի, որ այս պահուս կառավարութեան ծնունդը յայտարարեմ, սակայն խորհրդակցելէ ետք նախագահին հետ, աւելի յարմար նկատեցինք, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին յաւելեալ ժամանակ ընծայենք, որպէսզի կազմուի այնպիսի կառավարութիւն մը, որ կայունութիւն պիտի ներշնչէ եւ լիբանանցիները հեռացնէ անոնց դէմ նիւթուող բոլոր սադրանքներէն: Լիբանանցի ժողովուրդը թող ներէ մեզ եւ քիչ մը եւս թող համբերէ, որպէսզի կարենանք ներդաշնակ կառավարութիւն մը կազմել»:
– «Պահրէյն» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Պահրէյնի արդարադատութեան եւ իսլամական հարցերու նախարարութիւնը կը ձգտի ընդդիմադիր Իսլամական աշխատանք եւ «Ուիֆաք» կուսակցութիւնները լուծարելու մասին դատական որոշում մը ապահովելու, որովհետեւ այդ կուսակցութիւնները, «ընկերային խաղաղութեան ու ազգային միասնութեան վնասող գործունէութեամբ եւ սահմանադրական կարգերու դէմ անյարգալիր վերաբերմունքով» խախտումներ կատարած են։
– «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Քրիսթոֆիաս եւ կիպրացի թուրքերու ղեկավար Տերվիշ Էրօղլու, Ապրիլ 14ին Կիպրոսի մէջ հանդիպում մը ունեցած են, ՄԱԿի պատուիրակ Լիսա Պիւթընհայմի տան մէջ: Կիպրոսի հարցով ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի խորհրդատու Ալեքսանտր Տաունըր եւս մասնակցած է աշխատանքային ընթրիքին: Նոյն օրը հաղորդուեցաւ, թէ երկու ղեկավարները գոյացուցած են միջազգային համաձայնագիրներու շուրջ համաձայնութեան մը, ուր կը յստակացուին վերամիացեալ Կիպրոսի պետութեան իրաւասութիւններն ու պարտաւորութիւնները: