ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Համացանցային «Flight Global» կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Իսրայէլի օդանաւային ճարտարարուեստի պետական ընկերութիւնը առաջարկած է Ատրպէյճանի իշխանութեանց ծախել անօդաչու «Heron» եւ «Searcher 2» լրտեսական օդանաւեր, երբ ընկերութենէն պատուիրակութիւն մը Պաքու այցելած է:
Յայտնենք, թէ Ատրպէյճանի նորահաստատ «Ազատ սիսթեմզ» ընկերութիւնը իսրայէլեան վերոյիշեալ ընկերութեան հետ կը գործակցի, Ատրպէյճանի մէջ անօդաչու այլ օդանաւեր արտադրելու նպատակով: