
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆիլիփ Կորտըն, Ուաշինկթընի Մամլոյ միջազգային ակումբին մէջ կազմակերպուած ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ հաւատալ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը յոյժ կարեւոր է։
Հերթական անգամ ընդգծելէ ետք, թէ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցի վերջին տարիներուն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն, Կորտըն ըսած է. «Սակայն այդ ջանքերը վերջերս դանդաղած են, եւ այդ առնչութեամբ մենք յայտնած էինք մեր մտահոգութիւնը։ Կը կարծենք, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնումը կը բխի անոնց շահերէն։ Այդ պատճառով ալ մենք կը շարունակենք աջակցիլ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Կողմերուն հետ հանդիպումներու ժամանակ մենք շատ յաճախ օրակարգ կը բերենք այդ նիւթը», ըսած է Կորտըն։
He simply says, that Obama can not say what he thinks.
Obama can say what state department – more specifically Ph. Gordon, thinks is appropriate to say.