ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ժամանակն է արդէն անդրադառնալու եւ խոստովանելու, որ մեր սերունդը գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ համակերպած է Ապրիլ 24ի քաղաքական իմաստն ու պատգամը վերանայելու ընդհանուր ճնշումի մը։
Խօսքը կը վերաբերի էապէս արտաքին ուժերու կողմէ կիրարկուող՝ հայեւթուրք երկխօսութեան ու մերձեցման նոր էջ մը բանալու ճնշումի քաղաքականութեան, որուն այս կամ այն չափով եւ եղանակով հարկատու կը դառնան նաեւ վերանկախացեալ Հայաստանի պետական իշխանութիւնները, քաղաքական ի՛նչ ուժ որ ալ կանգնած ըլլայ պաշտօնական Երեւանի ղեկին։
Կար ժամանակ, երբ Ապրիլ 24ը ոտքի կը հանէր ու կը միաւորէր իրաւատէր հայութիւնը, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի՝ «Մեր Հողերը, Մեր Հողերը» պահանջելու եւ Հայ Դատի քաղաքական պայքարը վերանորոգ թափով յառաջ մղելու վճռականութեամբ։
Պահանջատիրական զարթօնքի ժամանակներ էին, երբ Ապրիլ 24ի ոգեկոչման կիզակէտը Հայոց Իրաւունքին եւ Արդարութեան շուրջ քաշուած լռութեան մեղսակից պատը քանդելու մարտունակութեան շղթայազերծումն էր։
Հայ Դատի ուժական պայքարը վերանորոգելու Ուխտի Օր դարձուցինք Ապրիլ 24ը եւ յաջողեցանք քաղաքական աշխարհը դէմ յանդիման բերել Հայկական Հարցին քաղաքական լուծում տալու իր պարտաւորութեան։ Նոյն ճամբուն վրայ նաեւ նոր ժամանակներ անցքի մեր մեծ ոստումը իրագործեցինք, երբ Արցախը մայր հայրենիքին վերամիացնելու ազգային–ազատագրական պայքարին փարեցանք իբրեւ Հայ Դատի ամբողջական լուծման առաջին ու կարեւորագոյն հանգրուանը։
Պահանջատիրական այդ յաղթարշաւը իր որակական պսակումը ստացաւ 1998ի իշխանափոխութեամբ, երբ «Պատերա՞զմ, թէ՞ խաղաղութիւն» մոլորեցնող ու կեղծ երկընտրանքը մերժեցինք եւ Հայաստանի պետութեան արտաքին քաղաքական առաջնահերթութեանց կարգին իր արժանի տեղը գտաւ Հայասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման հետապնդումը։
Բայց ահա եկած են ժամանակներ եւ արդէն քանի տարի է, որ Հայ Դատի մարտունակ պահանջատիրութեան զուգահեռ, երբեմն նաեւ միջազգային տարողութեամբ աւելի հնչեղ արձագանգով, Ապրիլ 24ին լսելի կը դառնան հինէն եկող, այլ նոր դիմայարդարումով հրամցուող կարգախօսքեր, որոնք ըստ ամենայնի կը ծառայեն Հայ Դատի քաղաքական պայքարը իր իմաստէն եւ պատգամէն պարպելու նպատակին։
– «Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի այս ատելութիւնը մեր երկու հարեւան երկիրներուն եւ իրարու հետ ապրելու ճակատագրուած հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ»…
– «Ի վերջոյ քաջութիւնը պէտք է ունենանք եւ վերցնենք պատասխանատուութիւնը՝ բեկում առաջացնելու համար հայեւթուրք յարաբերութեանց անցեալի տխուր ժառանգութեան մէջ, որպէսզի վաղուան սերունդները ստիպուած չըլլան այս բեռը շարունակ կրելու»…
– «Թուրքիոյ քաղաքական ղեկավարութիւնը եւս սերնդափոխութիւն կ՛ապրի եւ պէտք է օգնել նորերուն, որպէսզի կարենան թուրք հասարակութեան մէջ զարգացնել սեփական անցեալին հետ հաշուի նստելու եւ հաշտ ապրելու ընդհանուր գիտակցութիւնը»…
– «Ի՜նչ օգուտ, եթէ ամբողջ աշխարհը ճանչնայ եւ դատապարտէ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը, բայց պատմական ճշմարտութիւնը մերժէ ընդունիլ նոյնինքն Թուրքիան»…
– «21րդ դարու պրիսմակով պէտք է նայիլ աշխարհի բախտորոշ իրադարձութիւններուն եւ անհրաժեշտ ճիգը թափել՝ տարածաշրջանէն ներս քաղաքակիրթ երկխօսութիւն հաստատելու բոլորին հետ, այդ ճամբով հարթելու համար ամէն կարգի վէճերն ու հակադրութիւնները»…
Կարելի է երկարել շարքը այսօրինակ կարգախօսքերու, որոնք քանի մը տարիէ ի վեր աւելի ազդու կը հնչեն հայ իրականութեան մէջ, որովհետեւ այնքա՜ն մասնագիտական եւ դիւանագիտական ճարտասանութեամբ կը յայտարարուին ոչ միայն մեծապետական աշխարհի, այլեւ նոյնինքն Թուրքիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեանց ներկայացուցիչներուն կամ պաշտօնատարներուն կողմէ։
Բայց այսքանն ալ բաւարար է, որպէսզի գոնէ եւ յատկապէս Ապրիլ 24ի առիթով ազգովին անդրադառնանք ու խոստովանինք, թէ մեր սերունդը գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ սկսած է կորսնցնել Հայ Դատի պայքարին իր պահանջատիրական սուր զգայնութիւնը։
Աւելի՛ն. արդէն սկսած ենք հաշտ աչքով, նաեւ ներողամտութեամբ ու որոշ չափի բաւարարութեամբ ընկալել այդօրինակ յայտարարութիւնները նոյնինքն հայ ժողովուրդի պետական–քաղաքական այն գործիչներուն, որոնք չեն վարանիր վերահաստատելու հայեւթուրք երկխօսութիւնը շարունակելու իրենց յանձնառութիւնը, բացառապէս Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն վրայ բեռցնելով Հայեւթուրք Արձանագրութեան ձախողեցման պատասխանատուութիւնը։ Կարծէք Արձանագրութեանց տակ դրուած Հայաստանի ստորագրութիւնը… որեւէ պատասխանատուութիւն չ՚ենթադրեր եւ կարելի է, ամենայն հանգստութեամբ, դարձեալ դիւանագիտական շուրջպար բռնել Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն հետ՝ Ապրիլ 24ի կիզակէտէն հեռացնելով… Հայ Դատի պայքարին քաղաքական իմաստն ու պատգամը։
Ո՛չ. մեր սերունդը չի կրնար համակերպիլ նման ճնշումի, որքան ալ հզօր ըլլան անոր ետին կանգնած բուն «բեմագրի»չները։
Լիզպոնի Ողջակէզներուն աւանդով՝ «Նահատակներուն Կտակ»ը ամէն բանէ վեր դաւանող սերունդը չի կրնար համակերպիլ Ապրիլ 24ի կիզակէտը մոռացութեան մատնելու այդ համընդհանուր ճնշումին։
Մանաւանդ որ Արցախեան Ազատամարտով եւ հազարաւոր հայորդիներու գերագոյն զոհաբերութեամբ նուաճուած Հայ Դատի հանգրուանային յաղթանակը – իբրեւ Միացեալ Հայաստանի անկիւնաքարը – ամրագրելու մեծագոյն պարտքին տակ է մեր սերունդը։
Յատկապէս Ապրիլ 24ի տարելիցին ամէն պատճառ եւ պարտաւորութիւն ունինք վերանորոգ հաստատակամութեամբ աշխարհին, բայց մանաւանդ Թուրքիոյ ցեղասպան պետութեան ժառանգորդներուն խօսելու բոլոր ժամանակներուն հասկնալի միակ լեզուով՝ Իրաւունքի եւ Արդարութեան լեզուով։
Հայկական Հարցը էապէս եւ ըստ ամենայնի քաղաքական հարց է եւ կրնայ լուծուիլ միայն Հայկական Իրաւունքի եւ Արդարութեան վերականգնումով՝ հողային ու քաղաքական հատուցման ճամբով։
Եւ զուր են ու կեղծ Հայ Դատի արդարացի լուծումը փոխարինելու մտօք յառաջ նետուած բոլոր «քաղաքակիր»չ կամ «նորարար» կարգախօսքերը։
Ի վերջոյ մեր սերունդի կեանքին մէջ երկրորդ անգամն է, որ մեծապետական աշխարհը կը փորձէ «Հայեւթուրք Երկխօսութեան» ոլորապտոյտին մէջ խեղդել Հայկական Իրաւունքին եւ Արդարութեան ձայնը։
Եւ ինչպէս որ երեսուն տարի առաջ, հայեւթուրք երկխօսութեան նոյնպէս վիժած նախադէպին առիթով, «Դրօշակ» կը պատգամէր՝
«Երկխօսութիւն, այո՛, սակայն տագնապը ըստ էութեան լուծելու, պատասխանատուութիւնները լիովին ընդունելու եւ հետեւանքները ստանձնելու վճռական յանձնառութեամբ.– Հայ Դատի լուծմա՛ն նախապայմանով։
«Այս շրջագիծէն դուրս ամէն երկխօսութիւն նոյնինքն ցեղասպանութեան քաղաքականութեան շարունակութի՜ւնն է միայն, պարզապէս տարբեր ձեւերով»։