ԿԱՐԻՆ ՔԷՍԱՊԼԵԱՆ
Յաճախ յօդուածներու մէջ կամ բեմերէն արտասանուող դասախօսութիւններուն ընթացքին Հայկական Ցեղասպանութիւնը բնորոշող տարբեր բառեր կը լսենք, ինչպէս՝ կոտորած, եղեռն, աղէտ, ջարդ եւ այլն: Սակայն այս երեւոյթը փորձենք մէկ յայտարարի բերել, միաձեւութիւն մտցնել մեր արտայայտութիւններուն մէջ եւ միշտ եւ ամէնուրեք օգտագործել Հայկական Ցեղասպանութիւն բառերը:
Հակասական կը թուի, երբ հայ ժողովուրդը ոգի ի բռին աշխատանք կը տանի, որ զանազան երկիրներ եւ խորհրդարաններ ճանչնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը, իսկ մեզմէ ոմանք, անփութօրէն այլ եզրերով կը ներկայացնեն 1915ի իրադարձութիւնները: Հայութեան նպատակակէտը եղած է 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան անհերքելի իրականութիւնը վերահաստատել եւ անոր ճանաչումը ապահովել միջազգային մակարդակով:
Ահաւասիկ ահազանգային թուական մը՝ 1915 Ապրիլ 24, դաժան, աղիտալի տարի մը, երբ աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայ անմեղներու արիւնը հեղուեցաւ քաղաքական ծաւալապաշտ նպատակներու պատճառով: Հայ ազգը այնպիսի կուռ կամք ունի, որ ոչ մէկ ուժ չի կրնար կասեցնել անոր արդար իրաւունքներու պահանջատիրութիւնն ու հատուցում ստանալու գործընթացը, սակայն որուն աւարտը տեսանելի ապագային իրականացնելու համազգային վճռականութիւնը պէտք է առաւել կռանել, ուժեղացնել ու ամրապնդել:
Հայ Դատը համայն հայութեան գլխագիր պահանջատիրութիւնն է, իսկ հայ ազգը անոր արդար իրաւատէրը…: Իննսուն եւ վեց փոթորկալից տարիները կը վրդովեն, կը խռովեն վտարանդի թէ հայրենաբնակ հայ սերունդներու հոգին, միեւնոյն ժամանակ աւելի ու աւելի կ՛ամրապնդե՛ն անոր կամքն ու պայքարը՝ պապենական բռնագրաւուած հողերուն տէր դառնալու ուղղութեամբ:
Մեր առաջ դրուած խնդիրը, անկասկած որ ահագին է, նոյնիսկ կրնայ բոլորովին անկարելի թուալ շատերուն: Ճիշդ է, պայքարի ներկայ թափով, ներկայ միջոցներով, կազմակերպուածութեան ներկայ մակարդակով, դժուար պիտի ըլլայ հասնիլ մեր նպատակին, դժուար պիտի ըլլայ պարտադրել մեր թշնամիին հաշուի նստիլ մեզի հետ:
Հետեւաբար, Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին նախորդող այս շրջանին, պարտինք առաւել հզօրանալ, առաւել կազմակերպուիլ ու առաւել նպատակասլացութեամբ պայքարը առաջ տանիլ:
Մենք մեր նախնիներուն, մենք մեր նահատակ սերունդին պարտք ենք Հայ Դատի լուծումը: Այդ պարտքի գիտակցութեամբ ալ պէտք է աշխատինք ու պայքարինք: