Նախ հաստատենք, որ Ցեղասպանութեան ոճիրը վաղեմութիւնը չի կորսնցներ ու քանի հարիւրամեակներ ալ անցնին, յանցագործը դատաստանի արժանացնելու պահանջքը կը մնայ իրաւազօր ու անժամանցելի:
Այսուհանդերձ, որոշ անհանգստութեամբ հարիւրամեակին հայելու ու մինչ այդ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին մէջ բեկումնային յաջողութիւններ ապահովելու նախանձախնդրութիւնը կրնայ միայն խթանել մեր աշխատանքները, կրնայ մեզ աւելի նպատակասլաց գործելու տրամադրութեան մէջ դնել: Այդքանը բաւարար է, որ մենք մեզի համար ահազանգային վիճակ յայտարարենք ու ահազանգը հնչեցնենք իւրաքանչիւր անցնող օր՝ առաւել ուժգնութեամբ, առաւել տագնապով:
Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ապահովելու համար, սակայն, յստակ ծրագիր պէտք է, ծրագիր մը, որ մշակուած է պետականօրէն, ծրագիր մը, որուն իրագործման համար ամբողջ ազգի հնարաւորութիւններու զօրաշարժ պէտք է կատարել:
Անցնող 96 տարիներու հաշուեկշիռը մեզի յուսահատութեան մատնելու ոչ մէկ հիմք ունի: Առաջին յիսնամեակը մնացորդացին համար հաւաքուելու, վերապրումի հիմքերը ամրացնելու շրջան էր, տնտեսական միջազգային տագնապներու, համաշխարհային աւերիչ պատերազմի, պաղ պատերազմի անդոհանքներու ու ապազգային պետութեան մը բարոյալքող ղեկավարման պայմաններու տակ: Ի Հեճուկս այդ պայմաններուն, վերապրողները կրցան կազմակերպուիլ, կրցան գոյատեւման պայքարի հոգեվիճակէն դուրս գալ ու ապագայի տեսլականներ իրականացնելու վճռականութիւն ամբարել:
Երկրորդ յիսնամեակի առաջին կէսը եղաւ պահանջատիրական խմորումներու, երիտասարդական շարժումներու ու ժողովրդային զանգուածներու ազգային ձգտումներու ցուցական դրսեւորման ժամանակաշրջան, նոյնիսկ՝ իբրեւ ազգ կիսուած վիճակով, տակաւին հայրենի հողի վրայ ապրողներու պարտադիր համակերպումի պայմաններուն տակ, Սփիւռքի ուժեղագոյն համայնքներու դիմագրաւած քաղաքական ու ապահովական ծանր մարտահրաւէրներու առկայութեամբ: Դարձեալ ի հեճուկս այդ պայմաններուն, Հայկական Հարցը միջազգայնացնելու ուղղութեամբ աննախընթաց յառաջխաղացք արձանագրուեցաւ ու տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով շօշափելի քայլեր իրականացան:
Երկրորդ յիսնամեակի երկրորդ կէսը աստեղային թռիչքներու շրջան պէտք է ըլլար, միայն այն պատճառով, որ Արցախեան ազատագրութեան յաղթական պայքարի ու անկախ պետականութիւն ունենալու ոգեւորութիւնը ներշնչման անսպառ աղբիւր եւ հնարաւորութիւններու անհամեմատ հարստացում պիտի պարգեւէին մեր ազգին: Այս ժամանակաշրջանի առիւծի բաժինը արդէն անցած է, սակայն, դժբախտաբար, փոխանակ այս թանկագին պահը ամէնէն արդիւնաւէտ, ամէնէն լայնածաւալ ծրագիրներու ու աշխատանքներու հետապնդումով արժեւորելու, փոխանակ ազգային առողջ պետականութեան հիմքերու ուժեղացումով մեր խնդիրները լուծելու միջոցներ ապահովելու, մենք փտած համակարգէ մը պատուհասուեցանք եւ օրէ օր ուժաքամ ըլլալու անհեռանկար ճակատագիրին արժանացանք:
Դարձեալ ի հեճուկս այդ բոլորին, նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու մէջ պատմական դասերը մոռցած իշխանութեան մը ձախաւեր տատանումներուն առընթեր, հնարաւոր դարձաւ շարունակել Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման վերընթաց պայքարը, կարելի եղաւ ձախողեցնել պահանջատիրական մեր պայքարին ծանր հարուած հասցուցած դաւադիր քայլերը, եւ վերջապէս՝ հասունացնել այնպիսի վիճակ մը, որ կրնայ ծնիլ համազգային նոր շարժում մը, հայրենիքէն Սփիւռքի բոլոր համայնքները հասնող ոգեւորութեան նոր ալիք մը, որուն յառաջացուցած թափով հնարաւոր կրնայ ըլլալ հրաշքներ գործել, նոյնիսկ՝ չորս տարուան կարճ ժամանակամիջոցի մը:
Հզօր հայրենիք ունենալու անփոխարինելի միջոցը՝ արդարութեան վրայ հիմնուած հասարակարգի մը ստեղծումն է: Ստեղծենք այդ հասարակարգը, հզօրացնենք հայրենիքը, ու այդ կեդրոնէն Սփիւռքին հաղորդուած ուժով ու ներշնչումով բազմապատկենք Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղուած աշխատանքները: Ասիկա յստակ բանաձեւ մըն է, որուն իրականացման համար չորս տարին բաւարար կրնայ չըլլալ, բայց կրնայ ամէնէն յուսալի մեկնակէտը ապահովել ոչ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման ծրագիրներուն, այլ՝ ազգային մեր ամբողջական ձգտումներու կենսագործման: