ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ», «Մարմարա».- Հինգշաբթի, Ապրիլ 21ի երեկոյեան, Թուրքիոյ ընտրական բարձրագոյն խորհուրդը մասամբ վերատեսութեան ենթարկեց իր որոշումը, որուն շնորհիւ քրտամէտ կուսակցութեան 7 անկախ թեկնածուներէն վեցին դէմ դրուած արգելքը վերցուեցաւ։ Անոնցմէ միայն Իսա Կիւրպիւզին դէմ արգելքը կը մնայ: Երկու այլ անկախ թեկնածուներ պիտի կարենան մասնակցիլ ընտրութեանց, ուրիշի մը մասնակցութիւնը արգիլուած է, մինչ երկու այլ թեկնածուներու վիճակը անորոշ կը մնայ:
Վճիռը վերատեսութեան ենթարկելու որոշումէն քանի մը ժամ առաջ, Վանի մէջ բողոքի ցոյց մը կատարուեցաւ ու պայթուցիկներ նետուեցան դրամատան մը վրայ: Ցոյցը կը կատարուէր խռովութիւններուն ընթացքին զոհ գացած երիտասարդի մը սպանութեան դէմ իբրեւ բողոք։
«Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամը չէ որ կը պատահի այն, ինչ պատահեցաւ ընտրական բարձրագոյն խորհուրդին կողմէ 12 անկախ թեկնածուներուն դէմ հռչակուած վճիռով։ Նմանօրինակ դէպքեր յաճախ կը պատահին. պետական մարմին մը որոշում կը հրապարակէ, փոթորիկ մը կը պայթի, խռովութիւններ տեղի կ՛ունենան մինչեւ սխալը սրբագրելու քայլեր առնուին, ու կացութիւնը կը խաղաղի։ Ոմանք հարց կու տան, թէ ո՞վ պիտի վճարէ այս միջադէպին պատճառած վնասներուն ու մահերուն գինը։ Անշուշտ ո՛չ մէկը պիտի վճարէ։ Մինչեւ այսօր ոեւէ մէկը վճարե՞ց նման հաշուեցուցակ մը։ Թուրքիոյ մէջ տասնամեակներէ ի վեր անվճար մնացած ի՜նչ հաշուեցուցակներ կան», կը գրէ «Մարմարա»ն: